11/21/17

ՆԱՄԱԿ

Սիրելի հեռաւոր քոյրս եւ եղբայրս,
Առանձնութիւնս բաժնեկցելու համար կը գրեմ այս նամակը: Կը գիտակցիմ, որ տակաւին սերտօրէն չենք ծանօթացած, սակայն կը հաւատամ թէ մեր միասնութիւնը ելքն է բազում բաւիղներու:
Այդ խզումը, որ աշխարի չորս ծագերուն սփռուած մեր ընտանիքին ու մանաւանդ մեր երկուքին միջեւ կը գոյատեւէ ցայսօր, կը տանջէ զիս: Ժամանակը չէ՞ ծանօթանալու եւ միանալու:
Պատասխան պահանջող խօսքեր շատ ունիմ: Վստահ եմ, դուն ալ պիտի ունենաս: Կրնան այս պատասխանները մեզ տրտմեցնել, բայց մինչեւ ե՞րբ կրնանք երազի մը մէջ ապրիլ: Ժամանակը արթննալու ժամանակը չէ՞:
Գիտե՞ս ինչպէս զգացում մըն է առօրեայիդ մեծ մասը անցընել լեզուի մը ճնշման տակ, զոր քու մայրենիդ չէ: Ես գիտեմ:
Գիտե՞ս ինչ կը զգամ երբ մանուկները չեն խնդար իրենց մայրենին գործածելով կամ լսելով: Ես գիտեմ:
Գիտե՞ս որքան կը պայքարիմ արժէքներս պահելու սիրոյն: Վստահ եմ, դուն ալ գիտես:
Գիտե՞ս ինչպէս երազ մըն է բարեկամներովդ ստեղծել միայն հայախօս միջավայր մը: Մասամբ տեղեակ եմ ես, բայց աւելիին պէտք ունիմ:
Գիտե՞ս ինչ կը նշանակէ սիրահարուիլ կամ սէր խոստանալ մայրենիիդ միջոցով: Ես չեմ գիտեր:
Կրնա՞մ խնդալ լեզուիս միջոցով: Կրնա՞մ զուարճանալ ու նաեւ տխրիլ:
Կրնա՞մ ազգիս հարցերը լուծել ազգիս լեզուով: Յստակ չէ, վստահ չեմ:
Վստահ եմ ու կ'ուզեմ հաւատալ, որ դուն պատրաստ ես օգնելու եւ չես մեղադրեր զիս։
Աշխարհագրական առումով կրնանք այժմ հեռու ըլլալ, բայց չունի՞նք մեր լեզուն, զոր մեզ կը մօտեցնէ։
Ինչ հարց որ ունիս, եկուր միասին լուծենք: Դուն ճանչցիր զիս եւ ես ճանչնամ քեզ:
Խզուած մնալ մեզ տեղ պիտի չհասցնէ, ինչպէս չէ հասցուցած տարիներու ընթացքին:
Եկուր մատղաշ ուղեղներով կրկին արծարծենք այս նիւթը:
Ժամանակը չէ՞:
Սիրով,
Հեռաւոր քոյրդ


Տաճար Լուսոյ

Վարժարան եւ տուն:
Ընդհանրապէս իրարմէ հեռու ընկալուող երկու եզր:
Յաճախ չի պատահիր, որ աշակերտի մը համար սոյն եզրերը կը ձեւափոխուին ու վարժարանը կը դառնայ տուն կամ տունը կը դառնայ վարժարան:
Ես այս երկու պարագաներուն ալ ականատես եղած եմ:
Դժբախտաբար ոչ անձնական փորձառութեանբ, այլ դիտարկութեամբ:
Հօրս համար իր յաճախած վարժարանը ոչ միայն վարժարան էր, այլ տուն մը: Նոյնպէս, իր դասընկերները ոչ միայն ընկերներ կամ ընկերուհիներ էին, այլ քոյրեր եւ եղբայրներ:
Երբ իրենց վարժարանին անունը հնչէր, դուք ալ կը զգայիք, որ այդ անունը իրենց համար այլ իմաստ ունէր:


Խօսքս՝ «Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան» մասին է:
Մանուկ հասակէս հայրս կը պատմէր. «12 տարեկանիս զիս ղրկեցին Կիպրոս, որպէսզի ուսանիմ աշխարհի ամենալաւ կրթական հաստատութիւններէն մէկուն մէջ: Երբ ժամանակը հասնի, դուն ալ հոն պիտի ուսանիս ու պիտի տեսնես, թէ լոկ վարժարան մը չէ Մելգոնեանը:»
Չեղաւ:
Ժամանակը չհասած, վարժարանը փակուեցաւ:
11 տարեկան էի: Չէի կրնար ընկալել այդքա՜ն հզօր վարժարանի մը փակման պատճառը:
Այսօր, տակաւին չեմ կրնար:
Յամառօրէն չեմ ուզեր ընկալել:
Զիրար «Մելգոնեանցի» կը կանչէին շրջանաւարտները: Այո, Մելգոնեանը իրենց համար երկիր մըն էր, նոյնիսկ երկրորդ հայրենիք մը:
Տուն էր: Ընտանիք էր:
Խառնարան էր: Աշխարհի չորս ծագերէն մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ կը մէկտեղուէին:
Աշակերտները կատարելապէս հանդերձող կրթական հաստատութիւն մըն էր:
Վրէժ էր: Տառապանքներով, ցաւերով լեցուն դարէն ներս՝ նոր շունչ էր, զարթօնք էր:
Որքա՜ն ցաւալի է, չէ՞ անկատար անցեալներով խօսիլ:
Մելգոնեանի շէնքերէն ներս այսօր շունչ չկայ:
Շէնքերը կը խոյանան իրենց փառաւորութեամբ բայց կարօտը ունին մանուկի մը ձայնի, պատանիի մը երգի, երիտասարդի մը խօսքի:
Այսօ՛ր պէտք ունինք նման հաստատութեան: Պատճառները ակներեւ են:
Երէկ իրիկուն, Երեւանի մէջ դիտեցինք Նիկոլ Պէզճեանի «Տաճար Լուսոյ» ժապաւէնը:
Ոգեւորութեանս ու վրդովմունքիս պատճառը այս է:
Կը հաւատամ անհատի ուժին: «Ի՞նչ կրնամ ընել» մտածեցի ու «առնուազն ձայն կրնամ բարձրացնել» խորհելով գրեցի:
Կ'աւարտեմ մէջբերումով մը՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան քայլերգէն, յուսալով, որ այս մտքի դարբնոցը կրկին կը բանայ իր դռները:
«...Փառք պատիւ յաւիտեան
Լուսոյ անշէջ վառարան
Կրթարանի Մելգոնեան,
Փառք ու պատիւ յաւիտեան:»

«Հայերէնին մէջ «կոր» չկայ տղաք»


«Հայերէնին մէջ «կոր» չկայ տղաք»:
Կը մտածես ու կ'անդրադառնաս, որ քանի քանի անգամներ արտայայտուած ես այդ մասնիկով: Իսկ լեզուդ՝ չունի այդ մասնիկը:
Տուն կ'երթաս: Որոշումը վճռական է: Այլեւս մաքրամաքուր հայերէն պիտի խօսիս:
Բայց, տեսակ մըն է առօրեադ: Անհարազատ է մայրենիդ: Եւ երբ կը սկսիս անկախաբար ու առանց մտածելու խօսիլ, բերնէդ կ'ելլէ.
«Մասիս, ի՞նչ կ'ընես ԿՈՐ:»
Այսպէս անցան աշակերտական տարիներս:
Միշտ կը փորձէի «մաքուր» խօսիլ առանց «կոր» մասնիկը աւելցնելու: Չէ, խորթ կը թուէր: 
Յանցաւոր կը զգայի, որովհետեւ սխալ կը խօսէի հարազատ մայրենի լեզուս: Որքան ամօթ էր:
Խիստ կողմ եմ, այո, լեզուական օրէնքները պէտք է յարգուին:
Բայց «կոր»ը՞...
Կրնանք չսիրել, կրնանք դէմ կենալ, բայց տարբերակ մը չունինք:
Սահմանական ներկան առանց «կոր»ի թէ խորթ է եւ թէ երկդիմի:
Երբ ծանօթացայ ուրիշ արեւմտահայախօսներու հետ, փրկուեցայ այդ ծանր բեռէն: Իրենք ալ «կոր» կը գործածէին, երբ կ'արտայայտէին ներկայի մէջ իրականացող գործողութիւն մը: Ուրեմն միակ «յանցաւորը» մենք, Պոլսահայերս չէինք:
Եւ որոշեցի թշնամութեան վերջ տալ: 
Եթէ պակաս մը կայ լեզուին մէջ, եթէ մենք կամ մեր նախնիները տարբերակ մը չեն հնարած եւ մանաւանդ եթէ լեզուն ապրող ու բազմասնուող էակ մըն է, ինչո՞ւ այսքան չարչարուիլ իր սեփականութիւններէն մէկը դուրս դնելու համար:
Հ. Արսէն Վ. Այտընեանի «Քերականութիւն Արդի Հայերէն Լեզուի» անունով գիրքը նուիրեց հայրիկս: Անմիջապէս բացի այն մասը, ուր հեղինակը կը ծանօթացնէր սահմանական ներկան: Կը մէջբերեմ՝ (էջ 69, Ժամանակ շինող մասնիկներ) «Սահմանական ներկային եւ անկատարին վերջին ծայրը կոր մասնիկ դրուելով՝ կը ցուցնէ թէ գործողութիւնը դեռ կը շարունակուի, կամ թէ հիմակ ըլլալու վրայ է. եւ նոյն է տաճկ. յօր մասնկան հետ: Օրինակ. կը մեռնի - կը մեռնի կոր, կ'ելլէր - կ'ելլէր կոր, բայց հիմայ գրաւորի մէջ այդ մասնիկը շատ քիչ կը բանի:»
Գիրքին հրատարակութեան թուականը 1867 է:
Այո, հաշտուեցայ: Եւ մինչեւ որ արեւմտահայերս չունենանք լեզուի գերատեսչութիւն մը, որ կ'առաջարկէ բարեփոխել «կոր»ը նոր տարբերակով մը, հաշտուած պիտի մնամ:
Եթէ կարենամ իղձս կատարել ու հայերէնի ուսուցչուհի ըլլալ, աշակերտներուս առջեւ պատեր պիտի չհիւսեմ:
Գոհացում պիտի պատճառէ ինծի եթէ իրենք ունենան մաքուր առոգանութիւն ու պինդ լեզուամտածողութիւն:

«Կոր»ը առաջնահերթ խնդիր մը պիտի չըլլայ ինծի համար:
Հաշտուինք: Ամօթ չէ գործածել «կոր»ը: Գործածենք: 
Բաւ է, որ ներկայ ժամանակի այդ դէպքը մեր մայրենիով պատմենք:

Խնձորեանները յիշեցի՜ն

Խնձորեանները վերջապէս անդրադարձան՝ թէ հայերէնն ալ աշխարհի լեզուներէն մէկն է եւ ունի իւրայատուկ այբուբեն մը:
Նոր համակարգով (iOS 11), օգտագործողները այլեւս առանց միջնորդ ծրագիրի, անկախաբար պիտի կարենան հայերէն ստեղնաշար ներբեռնել ու հայատառ գրել:
Անոնք, որոնք կը «դժուարանային» հայատառ գրել իրենց հեռաձայններով, պատճառաբանելով հայերէն ստեղնաշարի մը չգոյութիւնը, ալ դիւրութեամբ կրնան ձեռք բերել նոր ստեղնաշարը:
Իրենց կը մնայ միայն ծամել ու կլլել:



Բարի Վերամուտ

Նախ բարի վերամուտ մը ըսենք:
Ուրեմն, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ Ակօս շաբաթաթերթը հրատարակեց հայկական վարժարաններու աշակերտութեան քանակը:
Առաջին սիւնակը կը ներկայացնէ վարժարաններու անունները (նախ միջնակարգ ապա՝ լիսէ): Երկրորդ սիւնակը կը ներկայացնէ սոյն վարժարաններու նոր արձանագրուած աշակերտութեան թիւը, իսկ երրորդը՝ վարժարանի այժմու աշակերտութեան քանակը:
Ըստ այս ցուցակին, Պոլսահայերը ունին 2992 աշակերտներ, որոնք կը յաճախին հայկական վարժարաններ:
Եթէ պատրաստ էք, սկսիմ նետերս արձակել:
1) Կոշտօրէն եթէ հաշուենք (հետեւելով Թուրքիոյ 2016 թուականի չափանիշներուն), ժողովուրդին 4-19 տարեկան հասարակութիւնը կը կազմէ իրեն 23,92 առ հարիւրը: Ըստ այս հաշուական գործողութեան, Պոլսահայութեան թիւը՝ 12.508 է: Այսքա՞ն ենք:
2) Կոշտօրէն եթէ հաշուենք (հետեւելով անգիր բանահիւսութեան), Պոլսահայութեան թիւը մօտաւորապէս 60.000 է: Ըստ այս հաշուական գործողութեան, մենք պէտք է ունենանք 14.352 աշակերտութիւն: Ունի՞նք:
Ո՞ւր է մեր աշակերտութիւնը:
Բայց հարցումը, որուն մասին պէտք է մտածենք, հետեւեալն է՝ ինչո՞ւ պէտք է յաճախին հայկական վարժարաններ:
Յանցանք վերագրելը ամենադիւրին «լուծումն» է: Վարժարանները կը մեղադրեն ընտանիքները, իսկ ընտանիքները կը մեղադրեն վարժարանները:
Կտրուկ ճամբան մեզ տեղ պիտի չհասցնէ: Պէտք է սկսինք երկար ճամբով յառաջանալ ու այլեւս քննական մտածելով գործնական քայլեր առնել:

ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՄԸ...

Հեռաձայն կու գայ։ Կը տեղեկանաս, որ տունը քեզ սպասող անակնկալ մը կայ։ Հազար ու մէկ բան երեւակայելով ճամբայ կ'ելլես։ Արդեօք գի՞րք մը։ Չէ, գիրքը այլեւս անակնկալ չէ։ Օ՜հ, արդեօք մակագրուա՞ծ գիրք մը։ Այո, այո, այդպէս ըլլալու է։ Բայց, կը մտածես, մամայիդ ձայնը շատ աւելի եռանդուն էր։ Միթէ ա՞նձ մը՝ հեռուներէն ժամանած։ Չես կրնար կողմնորոշուիլ։
Վա՜յ, մինչեւ դուն այս բոլորը խորհիս ու սկսիս յուզուիլ, արդէն տուն հասեր ես։
Սեւ տուփ մը դէմդ։ Մամայիդ եւ պապայիդ աչքերը փայլուն եւ խանդավառ։ Ի՞նչ ըլլալու է աս։ Աւելի կարեւորը՝ ինչպէ՞ս պիտի բանաս ասիկա։
Երեւակայէ՛։ Նոր համակարգիչ մը գներ ես։ Հմտութեան անկասկածելի համարձակութեամբ կը բանաս տուփը ու կը սկսիս ներկայանալ իբր ուղեգիրք։
Այս նոյն զգացումներու ցոլացումը կը տեսնես ծնողքիդ աչքերուն մէջ։
Մամադ կը մօտենայ ու վարպետութեամբ կը բանայ սեւ տուփը։
Կու լաս...

Համացանցային հինգ գործիքներ, որոնք կարելի է գործածել հայերէնի դասաւանդութեան մէջ

     Համավարակ... պայթում... 2020 թուականի զանազան անակնկալներուն պատճառով այսօր աշխարհի չորս ծագերուն հայկական վարժարանները դէմ յանդիման կը...