1/23/20

Իւրայատուկ Պղպջակներ


Բոլոր մանուկները իւրայատուկ մտածելակերպեր ու ըմբռնելու ձեւեր ունին։ Անոնց դատողութիւնները եւ գաղափարները կ՚ուրուագծուին որպէս մտային պղպջակներ։ Այս պղպջակները պէսպէս կտրուածք կ՚ունենան։ Մէկը եռանկիւն կ՚ըլլայ, միւսը՝ կլոր, ուրիշ մը՝ հնգանկիւն կամ ուղղանկիւն։ Բազմատեսակ այս պղպջակները իրենց բազմատեսակ գոյներով անձնայատուկ կ՚ըլլան ու մանուկին եզականութիւն կը շնորհեն։
Իսկ ի՞նչ կ՚ընէ կրթական համակարգը։ Ուսուցիչ մը, մկրատ մը եւ վրձին մը ձեռքը՝ կը սկսի այս բոլոր պղպջակները բռնաբար քառակուսիի վերածել ու բոլորը նոյն գոյնով ներկել։ Կը կործանի եզականութիւնը։ Շատ ցաւալի է։
Այսօր ընկերուհիիս հետ կը խօսէինք մեր անձնական դպրոցական փորձառութիւններուն մասին։ Որքան խօսեցանք, այդքան ապշեցանք ու ջղայնացանք, որովհետեւ անդրադարձանք, թէ ունեցեր էինք ուսուցիչներ, որոնք վնասեր էին նաեւ մեր ուրոյն պղպջակները։ Սակայն բախտաւոր էինք, քանի որ մեր ծնողքը անտեսանելի խաւով մը պաշտպաներ էր մեր մտային սեփականութիւնները։
Հետզհետէ նկատեցինք, որ մեր փոքր տարիքով հանդերձ, որքա՜ն մեծ ազդեցութիւն ձգած էր ուսուցիչի մը անզգայ կատակը, անտարբերութիւնը կամ տգիտութիւնը։ Նշմարեցինք նաեւ, որ այս վերաբերմունքը սաստիկ տպաւորած է մեզ ու ցայսօր ունի հետեւանքներ։
Երբեմն ուսուցիչներ չեն մտածեր իրենց վարմունքին կամ խօսածներուն մասին, յատկապէս եթէ դիմացինը «պզտիկ» է ու կը կարծեն, թէ հետեւանք մը չ՚ունենար այս բոլորը։ 
Մինչդեռ այդ մանուկը, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կամ կ՚ըլլայ այդ ուսուցիչներուն պէս ու վնաս կը հասցնէ ուրիշներուն, կամ ալ կը պայքարի իր ուսուցիչներուն պէս չըլլալու համար։
Կեանքը գոյնզգոյն ու բազմազան պղպջակներով է գեղեցիկ ❤️

1/19/20

Երկչոտ Աղաւնիներ


Երեւակայեցէ՛ք բամպակով հիւսուած հաստատուն եւ պինդ պատեր։
Այս պատերով էր շրջապատուած մանկութիւնս։ Ծնողքիս նպատակը անշուշտ զիս սահմանափակել չէր։ Այլ իրենց մտադրութիւնը, զիս աւելի «պահպանողական» միտումով մը պաշտպանել էր։ Պաշտպանել ինչէ՞ն եւ ինչո՞ւ։
Բոլորովին հայկական շունչ ունէր այդ աշխարհը, որ կը գտնուէր այդ «պատերէն ներս»։ Ընկերներս հայ էին, լեզուս հայերէն էր։ Նոյնիսկ այդ ժամանակ չէի անդրադառնար, որ այս հողերուն վրայ ես «օտար» կը համարուէի։ Որո՞ւ օտար եւ ինչո՞ւ։
Այս վարդագոյն երազներու մանկութիւնը սաստիկ հարուած մը ստացաւ 19 Յունուար 2007 թուականին։ Երազները փարատեցան։ Բամպակէ պատերը քանդուեցան ու ես այլեւս դէմ յանդիման էի իրականութեան հետ։
Այս երկրին մէջ կ՚որսային աղաւնիները։
Ո՛չ պաշտպան պատերս կային, ոչ ալ գոյնզգոյն ակնոցներս։
Միայն իսկութիւնն էր սեւ խաւարին մէջ։
«Հրանդ Տինք սպանուեցաւ»։
Սպանուեցա՞ւ։ Ինչո՞ւ։ Ո՞վ սպանեց։ Ի՞նչ էր յանցանքը։ Ո՞վ պատժեց։
Հիմա, երբ կը գրեմ այս բոլորը, կը զգամ, թէ կարօտցած եմ այդ մանկական պարզութիւնս եւ միամտութիւնս։
Այդ օր, դպրոցէն կանուխ արձակեցին մեզ։ Տուն գացի։ Լուռ էր մայրս, չէր խօսեր։ Այդ անձայնութեան կը միջամտէր հաղորդավարին անզգայ ձայնը։
«Հրանդ Տինք սպանուեցաւ»։
Սպանուեցա՞ւ։ Ինչո՞ւ։ Ո՞վ սպանեց։ Ի՞նչ էր յանցանքը։ Ո՞վ պատժեց։
Իրիկունը գացինք խմբագրատան առջեւ։ Ծաղիկներ դրինք ու մոմ վառեցինք։
Մայրս կու լար։ Հայրս կու լար։ Ու ինծի համար ամէն բան անհասկնալի էր։
Հիմա, երբ կը գրեմ այս բոլորը, կը զգամ, թէ կարօտցած եմ այդ այլայլած հոգեվիճակս։
Տարիները հետզհետէ անցան անարդարութեամբ։ Հրանդ Տինք մնաց այդ մայթին վրայ ու մենք իր քով կանգնած արդարութիւն պահանջեցինք։
Ինչքան անցան այդ տարիները, այդքան ըմբռնելի դարձաւ ամէն ինչ ու այդքան սաստկացաւ զայրոյթս։ Բոլոր հարցումներս մէկ առ մէկ պատասխան գտան։
Սակայն Հրանդ Տինքին ժառանգութիւնը միայն «աղաւնիի մը երկչոտութիւնը» չէր։
Մենք Հրանդէն ժառանգաբար ստացանք պայքարի ոգի, արդարութեան պահանջ, քաջութիւն եւ հաւատք։
Ու մինչեւ, որ Հրանդ Տինք ոտքի ելլէ այդ մայթէն, պիտի շարունակենք մեր պայքարը։
Հողդ թեթեւ ու միտքդ հանգիստ ըլլայ։ Հո՛ս ենք, Աղբարի՛կ։

1/3/20

Ճամբորդութիւն... դէպի՞


Օդակայանները միշտ յուզում կը պատճառեն։ Վերադառնալու մասին կը մտածեմ։ Ո՞ւրկէ վերադառնալ եւ ո՞ւր վերադառնալ։
Վերադառնալ բայը որքա՜ն խորունկ իմաստներ կը պարունակէ։
Կարօտ, անձկութիւն, յուզում, ակնկալութիւն…
Տուն երթալ, տունէն երթալ։ Մարդ կրնա՞յ երկու տուն ունենալ։
Բախտաւոր եմ կարծեմ։ Հիմա օդակայանի մէջ նստած՝ պայուսակիս մէջ կը կրեմ երկու բանալիներ։ Երկու բանալի ունիմ ես, մէկը՝ ծննդավայրիս, իսկ միւսը հայրենիքիս դռները կը բանան դէմս։
Երկու բարձ ունիմ օրինակ։ Երկու բարձերն ալ տարբեր են, սակայն իրենց կրած գլուխը նոյն ոգեւորութեամբ կ’երազէ։
Երկու գրադարան ունիմ։ Երկու տարբեր հաւաքածոյ, որոնցմէ մէկը Պոլսոյ, իսկ միւսը՝ հայրենիքի գանձերն են։ Երկու գրադարանները տարբեր են, սակայն իրենց տէրը նոյն եռանդով կը կարդայ։
Երկու սենեակ ունիմ բնականաբար։ Մէկը կը ցոլացնէ կեանքս ցայսօր, իսկ միւսը նոր-նոր կը ձեւաւորուի։ Մէկը սառած է հիմա՝ շունչ չունի, հաւատարմաբար կը պահէ յիշատակներս։ Իսկ միւսը՝ նորանոր յոյսերու, ուրախութիւններու, հիասթափութիւններու, անքուն գիշերներու կը վկայէ։
Երկու սենեակներէն ներս կը մտնէ նոյն անձը, սակայն հետզհետէ դուրս կ’ելլէ ուրիշ մը։
Կաղանդի շեմին կը կղպեմ դուռս բանալիով եւ կը պատրաստուիմ միւս դուռս բանալու։
Կը վերադառնամ տուն, ճամբայ կ’ելլեմ տունէս։
Կը ճամբորդեմ դէպի բարձս ու դեռ նոր հեռացած եմ բարձէս։
Գրադարանիս համար կը կրեմ գիրքեր, որոնք փոխ կ’առնեմ գրադարանէս։
Սենեակէս կը հեռանամ, վերամիանալու համար սենեակիս հետ։ Մէկը անցեալս է, իսկ միւսը՝ ներկաս։
Իսկ այս բոլորին պիտի յաջորդէ Նոր Տարի մը: Նոր յոյսեր, նոր ակնկալութիւններ…
Ես՝ նոյն, բանալիներս՝ նոյն, բարձերս, գրադարաններս, սենեակներս՝ նոյն։
Տարին նոր է, տարին մատղաշ է դեռ ու լաւատես։
Նոր տարին ինչո՞ւ այսքան ուրախ է։ Կը նախանձիմ։
Նոր տարին «նոր» է, իսկ ես՝ «նոյն»։
«Նոյն» Սարինը ձեր բոլորին կը մաղթէ ուրախ «նոր» տարի մը։

Համացանցային հինգ գործիքներ, որոնք կարելի է գործածել հայերէնի դասաւանդութեան մէջ

     Համավարակ... պայթում... 2020 թուականի զանազան անակնկալներուն պատճառով այսօր աշխարհի չորս ծագերուն հայկական վարժարանները դէմ յանդիման կը...