4/25/20

Տաշեղ Մը



     «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»։ Արդէն նշանաբան դարձած այս խօսքին մասին երկա՜ր կը մտածեմ։ Այո՛, կը յիշեմ ցեղասպանութիւնը եւ կը պահանջեմ արդարութիւն։ Սակայն… ուրիշ ի՞նչ կը յիշեմ, ի՞նչ կը պահանջեմ։
Բազում իրաւունքներու առընթեր, կորսնցուցած ենք նաեւ մեր յիշելու ազատութեան իրաւունքը։ Տարբեր միջոցներով խլուած է մեզմէ այս յիշողութիւններուն հասնելու սեփական կարողութիւնը եւ մենք՝ կը քալենք, կը վազենք, կը յարձակինք, կը պայքարինք, սակայն չենք հասնիր լոյսին։ Լոյսը երբեք ալ չէ սիրած մեզ։
     «Իւրաքանչիւր հայ փաստաթուղթ մըն է», կ’ըսէր Հրանդ Տինք։ Այս շատ պարզ սակայն շատ խորունկ միտքը յաճախ կը վերյիշեմ։ Եթէ փաստաթուղթ մըն եմ, անկիւններէս մին այրած է, միւսը պատռտած՝ ոչինչ, ամբողջ է եւ ընթեռնելի։ Տեղեկութիւններ կան, յիշողութիւններ կան, սակայն զիս չեն հասցներ լոյսին։ Լոյսը երբեք սիրա՞ծ է մեզ։
     Ցեղասպանութեան մասին վկայութիւնները, յիշողութիւնները մեր կեանքերու անբաժանելի մասերն են։ Բոլորս ալ քիչ, թէ շատ ունինք պատումներ։ Բայց իմ նպատակս ուրիշ է այս անգամ։ Բնաւ մտածա՞ծ էք այդ յիշողութիւններուն, վկայութիւններուն մասին, որոնք երբեք չեն պատմուած։ Ինչպէ՞ս յիշել երբեք չպատմուածը, ինչպէ՞ս պահանջել չյիշուածը։
     Մեր բեռը յիշելն է, ոչ թէ մոռնալը։ Մոռնալը այդքան ցաւ չի պատճառեր, որքան յիշելը, որովհետեւ յիշողութիւններու այդ ճամբան մութ է միշտ եւ քարոտ։ Որքան կը յառաջանամ, այդքան կը ցաւին ոտքերս։ Եւ գիտեմ, գիտեմ թէ լոյս չկայ վերջը։ Պիտի հասնիմ տեղ մը եւ միշտ պիտի գիտակցիմ, թէ աւելին կար։ Աւելին կար, սակայն կորսուեցաւ։ Աւելին կար, սակայն խլուեցաւ։
     Մի՛ կարծէք, որ յուսահատ եմ այսքան ու մխրճուած այն յիշողութիւններուն մէջ։ Վէրք մըն է այս մէկը, որուն հետ ապրելու վարժուած եմ, ինչպէս բոլորս։ Հաշտուած եմ անոր հետ, սակայն ատեն-ատեն քոսը կը փրթի, կ’արիւնի։
Ցաւ է յիշելը։ Ցաւ մը, որ առանց անոր երբեք նոյն անձը պիտի չըլլայի ես։ Հոգ չէ, կ’ընտելանանք վէրքերու հետ ապրելու, կը վարժուինք մութին մէջ քալելու։ Մեր ժառանգութիւնն ալ ա՛յս թող ըլլայ։
     Սակայն գիտէ՞ք, երախտապարտ եմ այս ժառանգութեան։ Այո՛, իրենց մասին քիչ տեղեկութիւն ունիմ, այո՛, խլուած է ինձմէ անոնց յիշողութիւնները, սակայն ես կը յիշեմ։ Կը յիշե՛մ մեծ հայրերս եւ մեծ մայրերս, որոնք իրենց ապրած աներեւակայելի պայմաններով հանդերձ մնացած են հայ։ Պարտադրաբար փոխած են իրենց ազգանունները, Հաճի-Արթինեան գերդաստանը՝ Ագպաշ եւ Պէշէրեան գերդաստանը՝ Այտէմիր, սակայն ալ աւելի կապուած են իրենց արմատներուն, ո՛չ դիտումնաւորապէս, այլ հողին եւ հոգիին կանչով։
     Այո՛, իւրաքանչիւր հայ փաստաթուղթ մըն է եւ վերոյիշեալ այս փաստաթուղթը հաստաբուն ծառի մը տաշեղն է միայն։ Հետեւաբար քարերը կը մաշեն զիս եւ մութը կը հիւծէ, բայց ես յաւերժ կը յիշեմ, յաւերժ կը պահանջեմ։
     Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։


Լուսանկարը՝ Վարդան Պետրոսեան

4/5/20

Դէպի Ներս



Ժահրը պատեց աշխարհը եւ դժուարաբարոյ մարդ արարածը անզօր՝ մտաւ տուն։ Կարօտ մնաց արեւածագին եւ ամէն ինչ պայծառացաւ։
Տեսաք չէ՞, որ բնութիւնը ալ աւելի գեղեցկացաւ, օդը մաքրուեցաւ, կենդանիները ազատօրէն սկսան շրջիլ իրենց տան մէջ։ Մեր մեկուսացումը, մեր «բանտարկումը» բացի մեզմէ այս աշխարհի բոլոր էակներուն ուրախութիւն եւ ազատութիւն պարգեւեց։
Բայց մենք՝ ինչպէս միշտ, գանգատելով, տրտնջալով այս բոլոր իրադարձութիւնը «անարդարութիւն» եւ «պատիժ» կոչեցինք։
Տեսաք չէ՞, որ մարդ արարածը որքա՜ն հեռացեր է շնորհակալ ըլլալէ, քիչով գոհանալէ եւ չնչին առիթներով ուրախանալէ։ Առօրեայ թոհուբոհին մէջ մոռցեր ենք, որ ինչպէ՛ս կարելի է մաքուր պահել մեր հոգիները եւ հաճեցնել մեր ներաշխարհը։ Մեկուսացումը առիթ ստեղծեց, որ վերադառնամ ներաշխարհիս ու սնուցանեմ զայն։ 
Ներաշխարհս լքուած ծաղկոց մըն էր։ Գիտէի, միշտ հոն էր, խնամք ու հետաքրքրութիւն կը պահանջէր ու ես անընդհատ կը յետաձգէի անոր հոգածութիւն ցուցաբերել։ Նախ փորձեցի յիշել, թէ իմ ծաղկոցս ո՞ր ծաղիկները կը նախընտրէր։ Հողը հերկեցի ու նոր թափով ցանեցի հունտերը։ Վարդ, յասմիկ, մանիշակ, եղրեւանի... յիշեցի, թէ որքա՜ն անուշ կը բուրէին այս ծաղիկները։ Ծաղկոցս սկսաւ գեղեցկանալ։ Խնամեցի, հոգ տարի ու անդրադարձայ, որ որքա՜ն լաւ զգացում էր բոլորովին հեռանալ արտաքին խուճապէ ու կեդրոնանալ ներաշխարհիդ վրայ։ Դուն, միայն դո՛ւն։ Առանձին, անշշուկ փնտռտուք մը։
Ներաշխարհս տան ընդմիշտ փակ սենեակն էր։ Գիտէի, միշտ հոն էր, խնամք ու հետաքրքրութիւն կը պահանջէր ու ես անընդհատ կը յետաձգէի անոր հոգածութիւն ցուցաբերել։ Նախ փորձեցի յիշել, թէ այդ սենեակին մէջ ինչե՞ր էին պահուած։ Վերջապէս դուռը բացի ու նոր թափով ներս մտայ։ Լուսանկարներ, գիրքեր, թուղթեր, նամակներ... յիշեցի, թէ որքա՜ն անուշ էին յիշատակները։ Սենեակը սկսաւ մաքրուիլ։ Խնամեցի, հոգ տարի ու անդրադարձայ, որ որքա՜ն լաւ զգացում էր բոլորովին հեռանալ արտաքին խուճապէ ու կեդրոնանալ ներաշխարհիդ վրայ։ Դուն, միայն դո՛ւն։ Առանձին, անշշուկ փնտռտուք մը։
Մեկուսացումը բանտարկում չէ, հրաշալի առիթ է սերմանելու, վերյիշելու եւ ստեղծագործելու։ Հոգ չէ, թէ ինչեր են ձեր ներաշխարհները՝ լքուած ծաղկոցներ կամ փակ սենեակներ։ Վերադարձէ՛ք, խնամեցէ՛ք։
Խաղաղ եւ ջինջ ներաշխարհը առաջին պայմանն է խաղաղ եւ ջինջ հոգիի մը։ Հիմա՛ ժամանակն է։   

Համացանցային հինգ գործիքներ, որոնք կարելի է գործածել հայերէնի դասաւանդութեան մէջ

     Համավարակ... պայթում... 2020 թուականի զանազան անակնկալներուն պատճառով այսօր աշխարհի չորս ծագերուն հայկական վարժարանները դէմ յանդիման կը...