11/21/17

«Հայերէնին մէջ «կոր» չկայ տղաք»


«Հայերէնին մէջ «կոր» չկայ տղաք»:
Կը մտածես ու կ'անդրադառնաս, որ քանի քանի անգամներ արտայայտուած ես այդ մասնիկով: Իսկ լեզուդ՝ չունի այդ մասնիկը:
Տուն կ'երթաս: Որոշումը վճռական է: Այլեւս մաքրամաքուր հայերէն պիտի խօսիս:
Բայց, տեսակ մըն է առօրեադ: Անհարազատ է մայրենիդ: Եւ երբ կը սկսիս անկախաբար ու առանց մտածելու խօսիլ, բերնէդ կ'ելլէ.
«Մասիս, ի՞նչ կ'ընես ԿՈՐ:»
Այսպէս անցան աշակերտական տարիներս:
Միշտ կը փորձէի «մաքուր» խօսիլ առանց «կոր» մասնիկը աւելցնելու: Չէ, խորթ կը թուէր: 
Յանցաւոր կը զգայի, որովհետեւ սխալ կը խօսէի հարազատ մայրենի լեզուս: Որքան ամօթ էր:
Խիստ կողմ եմ, այո, լեզուական օրէնքները պէտք է յարգուին:
Բայց «կոր»ը՞...
Կրնանք չսիրել, կրնանք դէմ կենալ, բայց տարբերակ մը չունինք:
Սահմանական ներկան առանց «կոր»ի թէ խորթ է եւ թէ երկդիմի:
Երբ ծանօթացայ ուրիշ արեւմտահայախօսներու հետ, փրկուեցայ այդ ծանր բեռէն: Իրենք ալ «կոր» կը գործածէին, երբ կ'արտայայտէին ներկայի մէջ իրականացող գործողութիւն մը: Ուրեմն միակ «յանցաւորը» մենք, Պոլսահայերս չէինք:
Եւ որոշեցի թշնամութեան վերջ տալ: 
Եթէ պակաս մը կայ լեզուին մէջ, եթէ մենք կամ մեր նախնիները տարբերակ մը չեն հնարած եւ մանաւանդ եթէ լեզուն ապրող ու բազմասնուող էակ մըն է, ինչո՞ւ այսքան չարչարուիլ իր սեփականութիւններէն մէկը դուրս դնելու համար:
Հ. Արսէն Վ. Այտընեանի «Քերականութիւն Արդի Հայերէն Լեզուի» անունով գիրքը նուիրեց հայրիկս: Անմիջապէս բացի այն մասը, ուր հեղինակը կը ծանօթացնէր սահմանական ներկան: Կը մէջբերեմ՝ (էջ 69, Ժամանակ շինող մասնիկներ) «Սահմանական ներկային եւ անկատարին վերջին ծայրը կոր մասնիկ դրուելով՝ կը ցուցնէ թէ գործողութիւնը դեռ կը շարունակուի, կամ թէ հիմակ ըլլալու վրայ է. եւ նոյն է տաճկ. յօր մասնկան հետ: Օրինակ. կը մեռնի - կը մեռնի կոր, կ'ելլէր - կ'ելլէր կոր, բայց հիմայ գրաւորի մէջ այդ մասնիկը շատ քիչ կը բանի:»
Գիրքին հրատարակութեան թուականը 1867 է:
Այո, հաշտուեցայ: Եւ մինչեւ որ արեւմտահայերս չունենանք լեզուի գերատեսչութիւն մը, որ կ'առաջարկէ բարեփոխել «կոր»ը նոր տարբերակով մը, հաշտուած պիտի մնամ:
Եթէ կարենամ իղձս կատարել ու հայերէնի ուսուցչուհի ըլլալ, աշակերտներուս առջեւ պատեր պիտի չհիւսեմ:
Գոհացում պիտի պատճառէ ինծի եթէ իրենք ունենան մաքուր առոգանութիւն ու պինդ լեզուամտածողութիւն:

«Կոր»ը առաջնահերթ խնդիր մը պիտի չըլլայ ինծի համար:
Հաշտուինք: Ամօթ չէ գործածել «կոր»ը: Գործածենք: 
Բաւ է, որ ներկայ ժամանակի այդ դէպքը մեր մայրենիով պատմենք:

No comments:

Post a Comment

Համացանցային հինգ գործիքներ, որոնք կարելի է գործածել հայերէնի դասաւանդութեան մէջ

     Համավարակ... պայթում... 2020 թուականի զանազան անակնկալներուն պատճառով այսօր աշխարհի չորս ծագերուն հայկական վարժարանները դէմ յանդիման կը...