Նախ բարի վերամուտ մը ըսենք:
Ուրեմն, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ Ակօս շաբաթաթերթը հրատարակեց հայկական վարժարաններու աշակերտութեան քանակը:
Առաջին սիւնակը կը ներկայացնէ վարժարաններու անունները (նախ միջնակարգ ապա՝ լիսէ): Երկրորդ սիւնակը կը ներկայացնէ սոյն վարժարաններու նոր արձանագրուած աշակերտութեան թիւը, իսկ երրորդը՝ վարժարանի այժմու աշակերտութեան քանակը:
Ըստ այս ցուցակին, Պոլսահայերը ունին 2992 աշակերտներ, որոնք կը յաճախին հայկական վարժարաններ:
Եթէ պատրաստ էք, սկսիմ նետերս արձակել:
1) Կոշտօրէն եթէ հաշուենք (հետեւելով Թուրքիոյ 2016 թուականի չափանիշներուն), ժողովուրդին 4-19 տարեկան հասարակութիւնը կը կազմէ իրեն 23,92 առ հարիւրը: Ըստ այս հաշուական գործողութեան, Պոլսահայութեան թիւը՝ 12.508 է: Այսքա՞ն ենք:
2) Կոշտօրէն եթէ հաշուենք (հետեւելով անգիր բանահիւսութեան), Պոլսահայութեան թիւը մօտաւորապէս 60.000 է: Ըստ այս հաշուական գործողութեան, մենք պէտք է ունենանք 14.352 աշակերտութիւն: Ունի՞նք:
Ո՞ւր է մեր աշակերտութիւնը:
Բայց հարցումը, որուն մասին պէտք է մտածենք, հետեւեալն է՝ ինչո՞ւ պէտք է յաճախին հայկական վարժարաններ:
Յանցանք վերագրելը ամենադիւրին «լուծումն» է: Վարժարանները կը մեղադրեն ընտանիքները, իսկ ընտանիքները կը մեղադրեն վարժարանները:
Կտրուկ ճամբան մեզ տեղ պիտի չհասցնէ: Պէտք է սկսինք երկար ճամբով յառաջանալ ու այլեւս քննական մտածելով գործնական քայլեր առնել:
No comments:
Post a Comment