9/26/18

ԿՈՄԻՏԱՍ ԵՒ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ



1869 թուականին Կուտինայի մէջ աշխարհ եկաւ մանուկ մը, որ ապագային պիտի դառնար իր ժողովուրդին հանճարը։ 
Կոմիտասն էր։
Սողոմոն Սողոմոնեան ծնաւ 149 տարի առաջ այսօր՝ 26 Սեպտեմբեր 1869-ին։

Նոյն տարին, Կոմիտասէն ու Կուտինայէն շատ հեռու, Լոռիի Դսեղ գիւղին մէջ ծնաւ հանճար մը եւս, որ ապագային պիտի դառնար իր ժողովուրդին իմաստունը։
Թումանեանն էր։
Յովհաննէս Թումանեան ծնաւ 149 տարի առաջ՝ 19 Փետրուար 1869-ին։

Այս երկու մանուկները իրենց ծնունդներով միաւորեցին Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստանները ու գծեցին մեր հոգեւոր Հայրենիքի անծայրածիր սահմանները։

Կոմիտասի Պերլինի համերգէն ետք, Պերլինի օփերայի տնօրէնը անձամբ կը հրաւիրէ զինք իբր օփերայի գլխաւոր երգիչ։ Սակայն Կոմիտաս կը պատասխանէ. «Իմ երգիչի կարողութիւնները մէկ նպատակի միայն կը ծառայեն, մեծ ժողովուրդիս երգն ու երաժշտութիւնը ծանօթացնել երաժշտական աշխարհին եւ ապացուցել, որ հայ ստեղծագործ ժողովուրդը սկզբնական դարերէն ունեցեր է իր ինքնուրոյն երգն ու երաժշտութիւնը։»

Կոմիտասը լոկ երաժիշտ չէր։ Ան նաեւ մեծ ուսուցիչ եւ դաստիարակ էր։ Ուսուցիչներուն կը խրախուսէր. «Ուսուցիչ պարոննե՛ր եւ քոյրե՛ր, զգուշութեամբ ու երկիւղածութեամբ մօտեցէ՛ք դաստիարակութեան գործին։ Խիստ փափուկ պաշտօն մըն է ձերը։ Դաստիարակելու կոչուած էք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է. սխալ ուղղութեամբ ազգ մը կը խորտակէք։»

Անձամբ, միշտ թերի անուանած եմ այն մարդոց, որոնք կ՚ըսեն. «Մեզի պէտք են նոր Կոմիտասներ, նոր Թումանեաններ։» Ո՛չ։ Անկարելի է։ Ազգ մը կրնայ բազմաթիւ հանճարներ ունենալ, ինչպէս մենք ունեցած ենք ու ունինք, սակայն ազգ մը չի կրնար եւ պէտք չէ ձգտի նոյն հանճարներու ծնունդը։

Իսկ ե՞րբ մենք կը հասնինք իրենց նպատակին։ Կը հասնինք այն ժամանակ, երբ մենք կը կարդանք այն հանճարներու ստեղծագործութիւնները, խրատները կամ խօսքերը։ Ուշադի՛ր։ Միայն կարդալ չէ, կարդալ ու հասկնալ։

Հասկնալ Կոմիտասը։ Հասկնալ Թումանեանը։ Կարելի՞ է արդեօք։ Չեմ գիտեր։

Բայց ե՛ս հասկցած եմ զանոնք, թէեւ մանկական անմեղ անգիտակցութեամբ, երբ առաջին անգամ լսած եմ «Կաքաւիկ» երգը։

Մանուկ հասակիս, մանկական պատկերացումով, հիացած եմ այս երգով (եւ դեռ կը հիանամ)։ «Կաքաւիկ» երգին խօսքերը կը գրէ Յովհաննէս Թումանեան ու երաժշտութիւնը կը յօրինէ Կոմիտաս Վարդապետ։
Երկու ստեղծագործութիւններու միացմամբ կը գրաւեն մանուկի մը սիրտը, որ երգին բանաստեղծութեան եւ երաժշտութեան ծննդավայրէն եւ ծննդեան թուականէն շա՛տ հեռու կը գտնուէր։

Հանճարութիւնը այս է կարծեմ։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։ 


9/14/18

սահ-ման

Ի՞նչ է սահման։ Յաճախ կ՚ըսենք՝ «ամէն բան չափ ու սահման ունի»։ Ինչո՞ւ։ Ո՞վ կը սահմանէ զանոնք, մտածա՞ծ էք երբեք։ 

Մտազբաղ եմ քանի օրէ ի վեր։ Սահման։ Ես ինչպէ՞ս կը բնորոշեմ սահմաններս։ 

Տարօրինակ է։ Այս աներեւելի գիծերը կը կազմեն յարաբերութեան մը կմախքը։ Անձերու նկարագիրներէն կ՚ազդուին, միջավայրով կը ձեւակերպուին եւ խօսքով մարմին կը գտնեն։ Բայց, որքա՞ն ճիշդ է երկու շունչերու միջեւ գծել սահման մը։ Չեմ գիտեր։

Միայն գիտեմ մէկ բան։ Ես անձնապէս կը սիրեմ պատեր հիւսել եւ սահմաններս յստակ դիրքաւորել։ Պատերուս շնորհիւ ապահով կը զգամ ու չեմ յանդգնիր ուրիշի սահմաններուն մօտենալ։ Նկարագիր է։

Եթէ նայինք մեծ նկարին ու մտածենք՝ թէ ո՞վ այսքան կը սահմանէ մեզ, վերջաւորութեան կը տեսնենք, որ սահմանողը եւ սահմանուողը նորէն մենք ենք։ 

Շունչ մը առնեմ։ Լոյս մը ծագեցաւ։ Ուրեմն, թէ ե՛ս կը սահմանեմ զիս եւ թէ ե՛ս կը պայքարիմ սահմաններու դէմ։ Արտասովոր։

Սահմանը կը զետեղուի առնուազն երկու առումներու միջեւ, այնպէս չէ՞։ Հոս կը տեսնենք, թէ հեղինակը նախ ինքը իր հետ ինկած է սահմաններու մէջ՝ անլուծելի։

Միտքը դուք քաղեցէ՛ք ու հեղինակին նման մի՛ ըլլաք։ Հոգին սահմանելով կ՚անշնչացնէք անոր զօրութիւնը։ Մի՛ կորսնցնէք ձեր հոգիին ուժը։


Ես ալ երթամ ու զբաղիմ հեղինակին սահմաններով։

5/15/18

ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ...

Հայ դպրոցը վրէժ կը լուծէ։ Հայ դպրոցը պատմութեան դէմ կը պայքարի։ Հայ դպրոցը մեր անցեալն է, նաեւ ներկան ու ապագան։
Վարժարան փակելով տնտեսական հարցերը չեն լուծուիր՝ մանաւանդ եթէ չկայ վերաբանալու իրաւունք։
Վարժարան փակելով ժողովուրդի մը սիւնը կը տապալի։ Վարժարան փակելով ներկան կը կործանի։
Վարժարան փակելով ազգը պարտութեան դրոշմը կը կնքէ։
Վարժարանը տուն է։ Վարժարանը կրթութեան օճախ է։ Վարժարանը ապագայի ապահովագրութիւն է։
ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՓԱՍՏ Է, ՈՐ ԿԱՆՔ ՈՒ ԿԸ ԳՈՅԱՏԵՒԵՆՔ:
Ես «Կեդրոնականցի» եմ։ Կեդրոնականը ինծի համար լոկ վարժարան չէ, երկիր է, խառնարան է, մտքի դարբնոց մըն է։ 
Բազում բան կը պարտիմ վարժարանիս ու յաւիտեան պարտական պիտի ըլլամ։
Վարժարաններու միջեւ խտրականութիւն ընել չէ նպատակս։ Սա կամ նա, մեր ներկայ վարժարանները պէտք է գոյատեւեն: Միայն շրջանաւարտները չէ, այլ ազգի բոլոր որդիները պէտք է զօրաւիգ ըլլան սոյն նպատակի համար։
Բայց Կեդրոնականս...
Կեդրոնականս այլ է ինծի համար։ Կեդրոնականը միայն ուսում չէ տուած։ Ան նաեւ կրթած է մեզ, ջամբած է հայ ոգի։
Վերջին օրերուս տեսանք՝ թէ դժբախտ դէպքեր պայքարի ոգի կու տան ժողովուրդին։ Ուրախ եմ, որ Կեդրոնականի շրջանաւարտներ եւ ազգի որդիներ մէկ բռունցք եղանք ու ձայն բարձրացուցինք։
Նոյնը կ՚ակնկալեմ բոլոր վարժարաններէն։ Այո, կը հասկնամ, դիւրին չէ նիւթական դժուարութիւններու լուծումներ գտնել։ Բայց մի՛ մոռնաք, դրամը միայն գործիք է, ոչ թէ նպատակ։ Գործիքն ու նպատակը չի խառնենք։ Նաեւ չի խառնենք վարժարանները «որոշ» հաշիւներու։
Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի ու հայ մտաւորականութեան առաջաւոր ներկայացուցիչներու ջանքերով հիմնուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանը։ Այսօր՝ ոչ Ներսէս Պատրիարք մը ունինք, ոչ ալ հայ մտաւորականութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Թոյլ տուէ՛ք, որ մեր վարժարանները «կրթեն» նոր սերունդներ, որոնք մտահոգ են իրենց ազգին ապագայով։
Ներսէս Պատրիարքի խօսքը կը մէջբերեմ. «Ես դպրոցներէն կը սպասեմ ազգին փրկութիւնը»։
Այս նախադասութեամբ սկսած է մեր Կեդրոնականի իններորդ դասարանի առաջին օրը։
Ձեր սպառնական խօսքերը զիս չեն վախցներ։ Գիտենք՝ թէ առանձին անհատներ կրնան բարոյապէս քայքայուիլ, իսկ ժողովուրդը՝ երբեք։
Լուսանկարը՝ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի առաջին ընթացաւարտներ՝ 1891 թուական։

12/12/17

Լուսանկար մը...

Լուսանկար մը ղրկեցի։

- Կը ճանչնա՞ս զինք։

- Ոչ...

Իւրաքանչիւր ընտանիք կ՚ունենայ պատմութիւն մը։ Ընտանիքի մը ազգագրական ծառը ինչ-ինչ կեանքեր, յիշատակներ եւ պատմութիւններ կ՚ընդգրկէ։ «Իւրաքանչիւր անձ առանձին պատմութիւն մըն է» խօսքին անտարակուսելիօրէն համաձայն եմ։

Իսկ ամէն հայ ընտանիք, այս բոլորէն զատ, իր ընտանեկան պատմութեան գիրքին մէջ կ՚ունենայ այն բաժինը, որ գրուած է արիւնով, կսկիծով, դառն յիշատակներով եւ տխուր պատմութիւններով։

Մեր գիրքն ալ այդպէս է։ Հայերուս համար ազգանունը կը հանդիսանայ իբրեւ ամենավստահելի ուղեցոյց։ Դժբախտաբար մեր պարագային, արմատներուդ հասնիլ, ընտանիքիդ պատմութիւնը փնտռել ալ աւելի դժուար է, քանի որ չորս սերունդէ ի վեր կը գործածենք մեզի «յարմար տեսնուած» ազգանուն մը, ոչ թէ՝ «մերը»։

Այս բոլոր մտածումներով շաղախուած, Կիրակի օր մը, համացանցի տարբեր հարթակներու մէջ կը գրէի մեծհօրս հայրիկին անունը, մեր հին ազգանունը եւ այլն յուսալով, որ գիրքին կորսուած էջը կախարդական ձեւով մը մէկէն ի մէկ դիմացս կ՚ելլէ։ Այս Կիրակի ալ չյաջողեցայ։

Ժամանցեցի զանազան հարթակներու մէջ։ Յանկարծ, դիմացս ելաւ անուն մը։ Շատ ծանօթ անուն մը։ Ուրիշներ ալ նման կորուստներ ունէին անշուշտ ու այս որոնումներու ժամանակ կը մտաբերէի ոչ միայն մեր պատմութիւնը, նաեւ ուրիշներու պատմութիւնները։

Անունը շատ ծանօթ էր։ Բարեբախտաբար բարեկամներս դեռ կը պահէին իրենց հնամենի ազգանունը։ Կը փնտռէին մէկը, որուն միայն անունը եւ ծնած տեղը յայտնի էր։ Իրենք նաեւ երկար պրպտումներով յայտնաբերած էին երկու վէպեր, որոնց հեղինակը այդ անձն էր։ Յաւելեալ ոչինչ կար։

Այդ անունին հետեւելով, գտայ իր լուսանկարը եւ կենսագրութիւնը։ Գիւղին հանրահռչակ եւ բարձր գործունէութիւն կատարած դէմքերէն էր։ Ճամբորդած էր Պոլիս՝ բարձր ուսում ստանալու եւ մնալով հոն, դարձած էր զոհ՝ Մեծ Եղեռնին։ Իր գիւղին մասին գրուած էր պատմութեան գիրք մը ու գիրքին հեղինակը իբր աղբիւր գործածած էր երէցին յիշողութիւնները։

Ապշած մնացի։ Դուք ի՞նչ կը զգայիք։ 
Անմիջապէս գրեցի բարեկամիս.

- Եթէ ոտքի ես, նստէ, բան մը պիտի ղրկեմ։

- Ի՞նչ եղաւ։

Լուսանկարը ղրկեցի։

- Կը ճանչնա՞ս զինք։

- Ոչ...

Ես դեռ անունը չգրած, հարցումը եկաւ։

- Միթէ՞...

Այս է մեր կեանքը։ Ընտանիքիդ պատմութիւնը չգիտնալ կը տառապէ քեզ։ Սակայն այդ յոյսը միշտ վառ կը պահես։ Օր մը, տեղէ մը, ձեւով մը փոքր տեղեկութիւն մը գտնելու յոյսը...

Բարեկամիս ղրկեցի այդ գիրքը։ Նստայ ու ես ալ կարդացի։ Ձեռքերս կրկին պարապ էին, սակայն գիտէի, որ բարեկամս շատ յուզուած էր։ «Հոգ չէ, այս անգամ ալ զգացումը կը բաժնեկցինք» մտածեցի։

- Մերինները կը փնտռէի կոր, բայց ձերինները գտայ, կրցայ ըսել միայն։

Բարեկամիս մեծհօրը հայրն էր գտածս։ Նման էին։






  



11/21/17

ՆԱՄԱԿ

Սիրելի հեռաւոր քոյրս եւ եղբայրս,
Առանձնութիւնս բաժնեկցելու համար կը գրեմ այս նամակը: Կը գիտակցիմ, որ տակաւին սերտօրէն չենք ծանօթացած, սակայն կը հաւատամ թէ մեր միասնութիւնը ելքն է բազում բաւիղներու:
Այդ խզումը, որ աշխարի չորս ծագերուն սփռուած մեր ընտանիքին ու մանաւանդ մեր երկուքին միջեւ կը գոյատեւէ ցայսօր, կը տանջէ զիս: Ժամանակը չէ՞ ծանօթանալու եւ միանալու:
Պատասխան պահանջող խօսքեր շատ ունիմ: Վստահ եմ, դուն ալ պիտի ունենաս: Կրնան այս պատասխանները մեզ տրտմեցնել, բայց մինչեւ ե՞րբ կրնանք երազի մը մէջ ապրիլ: Ժամանակը արթննալու ժամանակը չէ՞:
Գիտե՞ս ինչպէս զգացում մըն է առօրեայիդ մեծ մասը անցընել լեզուի մը ճնշման տակ, զոր քու մայրենիդ չէ: Ես գիտեմ:
Գիտե՞ս ինչ կը զգամ երբ մանուկները չեն խնդար իրենց մայրենին գործածելով կամ լսելով: Ես գիտեմ:
Գիտե՞ս որքան կը պայքարիմ արժէքներս պահելու սիրոյն: Վստահ եմ, դուն ալ գիտես:
Գիտե՞ս ինչպէս երազ մըն է բարեկամներովդ ստեղծել միայն հայախօս միջավայր մը: Մասամբ տեղեակ եմ ես, բայց աւելիին պէտք ունիմ:
Գիտե՞ս ինչ կը նշանակէ սիրահարուիլ կամ սէր խոստանալ մայրենիիդ միջոցով: Ես չեմ գիտեր:
Կրնա՞մ խնդալ լեզուիս միջոցով: Կրնա՞մ զուարճանալ ու նաեւ տխրիլ:
Կրնա՞մ ազգիս հարցերը լուծել ազգիս լեզուով: Յստակ չէ, վստահ չեմ:
Վստահ եմ ու կ'ուզեմ հաւատալ, որ դուն պատրաստ ես օգնելու եւ չես մեղադրեր զիս։
Աշխարհագրական առումով կրնանք այժմ հեռու ըլլալ, բայց չունի՞նք մեր լեզուն, զոր մեզ կը մօտեցնէ։
Ինչ հարց որ ունիս, եկուր միասին լուծենք: Դուն ճանչցիր զիս եւ ես ճանչնամ քեզ:
Խզուած մնալ մեզ տեղ պիտի չհասցնէ, ինչպէս չէ հասցուցած տարիներու ընթացքին:
Եկուր մատղաշ ուղեղներով կրկին արծարծենք այս նիւթը:
Ժամանակը չէ՞:
Սիրով,
Հեռաւոր քոյրդ


Տաճար Լուսոյ

Վարժարան եւ տուն:
Ընդհանրապէս իրարմէ հեռու ընկալուող երկու եզր:
Յաճախ չի պատահիր, որ աշակերտի մը համար սոյն եզրերը կը ձեւափոխուին ու վարժարանը կը դառնայ տուն կամ տունը կը դառնայ վարժարան:
Ես այս երկու պարագաներուն ալ ականատես եղած եմ:
Դժբախտաբար ոչ անձնական փորձառութեանբ, այլ դիտարկութեամբ:
Հօրս համար իր յաճախած վարժարանը ոչ միայն վարժարան էր, այլ տուն մը: Նոյնպէս, իր դասընկերները ոչ միայն ընկերներ կամ ընկերուհիներ էին, այլ քոյրեր եւ եղբայրներ:
Երբ իրենց վարժարանին անունը հնչէր, դուք ալ կը զգայիք, որ այդ անունը իրենց համար այլ իմաստ ունէր:


Խօսքս՝ «Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան» մասին է:
Մանուկ հասակէս հայրս կը պատմէր. «12 տարեկանիս զիս ղրկեցին Կիպրոս, որպէսզի ուսանիմ աշխարհի ամենալաւ կրթական հաստատութիւններէն մէկուն մէջ: Երբ ժամանակը հասնի, դուն ալ հոն պիտի ուսանիս ու պիտի տեսնես, թէ լոկ վարժարան մը չէ Մելգոնեանը:»
Չեղաւ:
Ժամանակը չհասած, վարժարանը փակուեցաւ:
11 տարեկան էի: Չէի կրնար ընկալել այդքա՜ն հզօր վարժարանի մը փակման պատճառը:
Այսօր, տակաւին չեմ կրնար:
Յամառօրէն չեմ ուզեր ընկալել:
Զիրար «Մելգոնեանցի» կը կանչէին շրջանաւարտները: Այո, Մելգոնեանը իրենց համար երկիր մըն էր, նոյնիսկ երկրորդ հայրենիք մը:
Տուն էր: Ընտանիք էր:
Խառնարան էր: Աշխարհի չորս ծագերէն մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ կը մէկտեղուէին:
Աշակերտները կատարելապէս հանդերձող կրթական հաստատութիւն մըն էր:
Վրէժ էր: Տառապանքներով, ցաւերով լեցուն դարէն ներս՝ նոր շունչ էր, զարթօնք էր:
Որքա՜ն ցաւալի է, չէ՞ անկատար անցեալներով խօսիլ:
Մելգոնեանի շէնքերէն ներս այսօր շունչ չկայ:
Շէնքերը կը խոյանան իրենց փառաւորութեամբ բայց կարօտը ունին մանուկի մը ձայնի, պատանիի մը երգի, երիտասարդի մը խօսքի:
Այսօ՛ր պէտք ունինք նման հաստատութեան: Պատճառները ակներեւ են:
Երէկ իրիկուն, Երեւանի մէջ դիտեցինք Նիկոլ Պէզճեանի «Տաճար Լուսոյ» ժապաւէնը:
Ոգեւորութեանս ու վրդովմունքիս պատճառը այս է:
Կը հաւատամ անհատի ուժին: «Ի՞նչ կրնամ ընել» մտածեցի ու «առնուազն ձայն կրնամ բարձրացնել» խորհելով գրեցի:
Կ'աւարտեմ մէջբերումով մը՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան քայլերգէն, յուսալով, որ այս մտքի դարբնոցը կրկին կը բանայ իր դռները:
«...Փառք պատիւ յաւիտեան
Լուսոյ անշէջ վառարան
Կրթարանի Մելգոնեան,
Փառք ու պատիւ յաւիտեան:»

«Հայերէնին մէջ «կոր» չկայ տղաք»


«Հայերէնին մէջ «կոր» չկայ տղաք»:
Կը մտածես ու կ'անդրադառնաս, որ քանի քանի անգամներ արտայայտուած ես այդ մասնիկով: Իսկ լեզուդ՝ չունի այդ մասնիկը:
Տուն կ'երթաս: Որոշումը վճռական է: Այլեւս մաքրամաքուր հայերէն պիտի խօսիս:
Բայց, տեսակ մըն է առօրեադ: Անհարազատ է մայրենիդ: Եւ երբ կը սկսիս անկախաբար ու առանց մտածելու խօսիլ, բերնէդ կ'ելլէ.
«Մասիս, ի՞նչ կ'ընես ԿՈՐ:»
Այսպէս անցան աշակերտական տարիներս:
Միշտ կը փորձէի «մաքուր» խօսիլ առանց «կոր» մասնիկը աւելցնելու: Չէ, խորթ կը թուէր: 
Յանցաւոր կը զգայի, որովհետեւ սխալ կը խօսէի հարազատ մայրենի լեզուս: Որքան ամօթ էր:
Խիստ կողմ եմ, այո, լեզուական օրէնքները պէտք է յարգուին:
Բայց «կոր»ը՞...
Կրնանք չսիրել, կրնանք դէմ կենալ, բայց տարբերակ մը չունինք:
Սահմանական ներկան առանց «կոր»ի թէ խորթ է եւ թէ երկդիմի:
Երբ ծանօթացայ ուրիշ արեւմտահայախօսներու հետ, փրկուեցայ այդ ծանր բեռէն: Իրենք ալ «կոր» կը գործածէին, երբ կ'արտայայտէին ներկայի մէջ իրականացող գործողութիւն մը: Ուրեմն միակ «յանցաւորը» մենք, Պոլսահայերս չէինք:
Եւ որոշեցի թշնամութեան վերջ տալ: 
Եթէ պակաս մը կայ լեզուին մէջ, եթէ մենք կամ մեր նախնիները տարբերակ մը չեն հնարած եւ մանաւանդ եթէ լեզուն ապրող ու բազմասնուող էակ մըն է, ինչո՞ւ այսքան չարչարուիլ իր սեփականութիւններէն մէկը դուրս դնելու համար:
Հ. Արսէն Վ. Այտընեանի «Քերականութիւն Արդի Հայերէն Լեզուի» անունով գիրքը նուիրեց հայրիկս: Անմիջապէս բացի այն մասը, ուր հեղինակը կը ծանօթացնէր սահմանական ներկան: Կը մէջբերեմ՝ (էջ 69, Ժամանակ շինող մասնիկներ) «Սահմանական ներկային եւ անկատարին վերջին ծայրը կոր մասնիկ դրուելով՝ կը ցուցնէ թէ գործողութիւնը դեռ կը շարունակուի, կամ թէ հիմակ ըլլալու վրայ է. եւ նոյն է տաճկ. յօր մասնկան հետ: Օրինակ. կը մեռնի - կը մեռնի կոր, կ'ելլէր - կ'ելլէր կոր, բայց հիմայ գրաւորի մէջ այդ մասնիկը շատ քիչ կը բանի:»
Գիրքին հրատարակութեան թուականը 1867 է:
Այո, հաշտուեցայ: Եւ մինչեւ որ արեւմտահայերս չունենանք լեզուի գերատեսչութիւն մը, որ կ'առաջարկէ բարեփոխել «կոր»ը նոր տարբերակով մը, հաշտուած պիտի մնամ:
Եթէ կարենամ իղձս կատարել ու հայերէնի ուսուցչուհի ըլլալ, աշակերտներուս առջեւ պատեր պիտի չհիւսեմ:
Գոհացում պիտի պատճառէ ինծի եթէ իրենք ունենան մաքուր առոգանութիւն ու պինդ լեզուամտածողութիւն:

«Կոր»ը առաջնահերթ խնդիր մը պիտի չըլլայ ինծի համար:
Հաշտուինք: Ամօթ չէ գործածել «կոր»ը: Գործածենք: 
Բաւ է, որ ներկայ ժամանակի այդ դէպքը մեր մայրենիով պատմենք:

Համացանցային հինգ գործիքներ, որոնք կարելի է գործածել հայերէնի դասաւանդութեան մէջ

     Համավարակ... պայթում... 2020 թուականի զանազան անակնկալներուն պատճառով այսօր աշխարհի չորս ծագերուն հայկական վարժարանները դէմ յանդիման կը...