1/3/20

Ճամբորդութիւն... դէպի՞


Օդակայանները միշտ յուզում կը պատճառեն։ Վերադառնալու մասին կը մտածեմ։ Ո՞ւրկէ վերադառնալ եւ ո՞ւր վերադառնալ։
Վերադառնալ բայը որքա՜ն խորունկ իմաստներ կը պարունակէ։
Կարօտ, անձկութիւն, յուզում, ակնկալութիւն…
Տուն երթալ, տունէն երթալ։ Մարդ կրնա՞յ երկու տուն ունենալ։
Բախտաւոր եմ կարծեմ։ Հիմա օդակայանի մէջ նստած՝ պայուսակիս մէջ կը կրեմ երկու բանալիներ։ Երկու բանալի ունիմ ես, մէկը՝ ծննդավայրիս, իսկ միւսը հայրենիքիս դռները կը բանան դէմս։
Երկու բարձ ունիմ օրինակ։ Երկու բարձերն ալ տարբեր են, սակայն իրենց կրած գլուխը նոյն ոգեւորութեամբ կ’երազէ։
Երկու գրադարան ունիմ։ Երկու տարբեր հաւաքածոյ, որոնցմէ մէկը Պոլսոյ, իսկ միւսը՝ հայրենիքի գանձերն են։ Երկու գրադարանները տարբեր են, սակայն իրենց տէրը նոյն եռանդով կը կարդայ։
Երկու սենեակ ունիմ բնականաբար։ Մէկը կը ցոլացնէ կեանքս ցայսօր, իսկ միւսը նոր-նոր կը ձեւաւորուի։ Մէկը սառած է հիմա՝ շունչ չունի, հաւատարմաբար կը պահէ յիշատակներս։ Իսկ միւսը՝ նորանոր յոյսերու, ուրախութիւններու, հիասթափութիւններու, անքուն գիշերներու կը վկայէ։
Երկու սենեակներէն ներս կը մտնէ նոյն անձը, սակայն հետզհետէ դուրս կ’ելլէ ուրիշ մը։
Կաղանդի շեմին կը կղպեմ դուռս բանալիով եւ կը պատրաստուիմ միւս դուռս բանալու։
Կը վերադառնամ տուն, ճամբայ կ’ելլեմ տունէս։
Կը ճամբորդեմ դէպի բարձս ու դեռ նոր հեռացած եմ բարձէս։
Գրադարանիս համար կը կրեմ գիրքեր, որոնք փոխ կ’առնեմ գրադարանէս։
Սենեակէս կը հեռանամ, վերամիանալու համար սենեակիս հետ։ Մէկը անցեալս է, իսկ միւսը՝ ներկաս։
Իսկ այս բոլորին պիտի յաջորդէ Նոր Տարի մը: Նոր յոյսեր, նոր ակնկալութիւններ…
Ես՝ նոյն, բանալիներս՝ նոյն, բարձերս, գրադարաններս, սենեակներս՝ նոյն։
Տարին նոր է, տարին մատղաշ է դեռ ու լաւատես։
Նոր տարին ինչո՞ւ այսքան ուրախ է։ Կը նախանձիմ։
Նոր տարին «նոր» է, իսկ ես՝ «նոյն»։
«Նոյն» Սարինը ձեր բոլորին կը մաղթէ ուրախ «նոր» տարի մը։

12/9/19

Ա՜խ Պոլիս, Պոլիս...

Ա՜խ Պոլիս, Պոլիս...
Կը գրեմ ու կը ջնջեմ։ Ի՞նչ պէտք է ըսել, ինչպէ՞ս պէտք է մեկնաբանել այս բոլորը։ Դո՛ւն, որ դարերու ընթացքին արկածախնդրութիւններով լեցուն կեանք մը ունեցար, յոգնեցա՞ր, կը պարտուի՞ս այլեւս։
Դուն, որ մեր նախնիներուն յոյսերու օրրանն էիր, մեր մեծերուն օթեւանը, կը հիասթափի՞ս։
Դուն, որ գրիչներու, գաղափարներու եւ իմաստութեան երբեմնի ծննդավայրն էիր, կը յանգի՞ս։

Ա՜խ Պոլիս, Պոլիս...
Զաւակներդ ե՞րբ այսքան խելակորոյս դարձան։ Մի՞շտ այդպէս էին։
Ծոցիդ մէջ ապրիլ բացայայտ խելագարութիւն էր։ Սակայն զաւակներդ ինչո՞ւ թշնամացան իրարու։ Ինչե՞ր կը պատահին, սթափի՛ր, վիճի՛ր։

Ա՜խ Պոլիս, Պոլիս...
Դուն միշտ գրկաբաց ընդունեցիր բոլորը։ Մեծհայրս լքելով իր ծննդավայրը, եկաւ ապաստանելու քու հսկայ բազուկներուդ տակ։ Պոլսեցին օգնեց Կեսարացիին, որ ան շուտ համակերպի իր կեանքի նոր իրականութեան։ Տառապալի օրերէն յետոյ տեսանք, որ մէկ եղաւ հայը՝ քաղաքացին եւ գիւղացին։ Այո՛, խրթին ընթացք էր, բայց տեսանք, որ իրականացաւ։

Ա՜խ Պոլիս, Պոլիս...
Ե՞րբ այսքան պառակտեցանք։ Զաւակներդ առարկեցին ու չուզեցին «մէկ» ըլլալ։ Բաժնուեցան իրարմէ, հեռացան, նոյնիսկ խռովեցան։
Միթէ՞ երբեք «մէկ» չէին դարձած։

Ա՜խ Պոլիս, Պոլիս...
Գիտեմ, որ յիշողութիւններու մեծ շտեմարանդ կը բանաս ու կարօտնաս հիները։ Հիները, որոնք վիճաբանութեան հմուտ մշակոյթ մը ունէին՝ որակաւոր եւ հանդուրժող...

Ա՜խ Պոլիս, Պոլիս...
Կը տեսնեմ, որ նստած կու լաս հին օրերու կարօտով եւ ապագայի մտահոգութեամբ։ Մի՛ լար Պոլիս, մենք դեռ հոս ենք։
Յիշէ՛, թէ ի՛նչ կ՚ըսէր Րաֆֆին։
«Երբ պաղ երկաթը սաստիկ կը տաքցնէին եւ կը սկսէին ծեծել - ա՛յն ատեն միայն պահուած կայծերը, շանթերու կոտորակներու պէս, դուրս կը ցայտէին ու կը սփռուէին ամէն կողմ...»


11/15/19

Ապաստաններ


Վստահ եմ, որ բոլորս ալ ունինք մեր անձնական, գաղտնի, գողտրիկ ապաստանները, որոնց մասին ոչ ոք գիտէ։ Շատ հարազատ են անոնք, մեր սիրտերուն շա՜տ մօտ եւ անշուշտ ցոյց տալ չենք ուզեր զանոնք պատահական անցորդի մը, որ աննշան կ’անցնի մեր կեանքէն ու կը հեռանայ անվերադարձ։ Այդ ապաստանները մեզի ապաւէն կտուրներ են։ Կ’ապաւինինք անոնց որոշ օրերու, երբ կեանքը արտասովոր երեւոյթ մը կը ստանայ։
Այս ապաստանները ժամանակի ընթացքին մեզի հետ համընթաց կը հասուննան եւ կը կերպարանափոխուին։
Երբ պզտիկ էի, ինծի համար այդ ապաստանը մեծ մօրս տունն էր, որ նաւթալին կը բուրէր։ Այդ կտուրը երազային աշխարհ մըն էր, շաքարներու եւ տուրմերու հանրապետութիւն մը։ Հետագային երբ սկսաւ ամէն ինչ փոխուիլ, այդ կտուրը շաքարներէ եւ տուրմերէ շատ աւելի տարբեր իմաստ ստացաւ։ Դարձաւ ընտանեկան ճոխ հաւաքոյթներու, տօնական օրերու, յիշատակներու կտուր մը։ Այդ կտուրը դադրեցաւ միայն իմ ապաստանը ըլլալէ ու եղաւ բոլորին ապաստանը։ Իսկ ես, կորսնցնելով իմ գողտրիկ օթեւանը, սկսայ փնտռել այլ տարբերակ մը։ Որքան մեծցայ, այնքան հասկցայ, որ մեր ամէնէն խորհրդաւոր ապաստանը մե՛նք ենք։ Որքա՜ն մեծցայ, այնքան մեկուսացայ։ Այլեւս գրադարանս էր ապաստանս։
Գրադարան չունեցող տուներու մէջ անսովոր կը զգայի, քանի որ մեր տան մէջ հնարաւոր բոլոր պարապութիւնները գիրքերով լեցուն էին։ Իւրաքանչիւր գիրքով ձեռք բերի կտուր մը։ Ճի՛շդ խաչբառի մը նման, ամբողջացնելով հնարաւոր բոլոր պարապութիւնները։
Ժամանակի ընթացքին սկսայ նաեւ այդ ապաստաններուն միջեւ խտրութիւն դնել։ Բոլորը չէին կրնար գրաւել սիրտս։ Սկսայ մէկ առ մէկ հեռանալ որոշներէն ու կամաց-կամաց մօտենալ ուրիշներուն։ Ճի՛շդ բարեկամութեան նման, դասաւորելով բոլոր խառնիճաղանճը։
Այսօր, երբ տխուր, առանձին կամ անտրամադիր զգամ, իսկոյն կը դիմեմ գրադարանիս։ Կարծեմ ասոր ամենամեծ պատճառը գրադարանիս անձայն ըլլալն է՝ անձայն եւ լսող…
Վստահ եմ, բոլորս ալ ունինք մեր տխուր, առանձին, անտրամադիր օրերը, որոնց մասին ոչ ոք գիտէ։ Շատ հարազատ են անոնք, մեր սիրտերուն շա՜տ մօտ։ Այսօր այդպէս օր մըն է եւ ես նորէ՛ն գրադարանիս դիմացն եմ։ Ճերմակ գիրք մը կայ հոն, աչք կը թարթէ։ Կ’առնեմ։ Կը բանամ պատահական էջ մը ու կը կարդամ։
«Երբ գրել փորձեմ
Միտքս կ’իյնայ «լոյս» բառը նախ
յետոյ «կատու»ն –
կը խորհիմ
– ինչ կապ կայ երկուքին միջեւ-
ու կը գրեմ
– կատուն լոյսը կերաւ-
– սենեակը մնաց մութին մէջ-»
Սիրտս կը լուսաւորուի։ Ապաստանս երբեք չի հիասթափեցներ զիս։ Կը ժպտիմ։ Սենեակը մութ է, իսկ սիրտս՝ պայծառ։
Շնորհակալ եմ, Զահրա՛տ։

11/4/19

Կտոր Մը Երկինք


Իւրաքանչիւր մարդ կտոր մը երկինք ունի իր ներաշխարհին մէջ։
Երբեմն արեւոտ է այդ երկինքը, երբեմն ամպոտ։ Մերթ կ՚անձրեւէ եւ մերթ կը ձիւնէ։
Իւրաքանչիւր մարդ ակնածանքով կը դիտէ այդ երկինքը։
Հոն է, որ զեփիւռներ կը վերածուին փոթորիկներու եւ այդ երկինքին մէջ է, որ սաստիկ անձրեւներու կը յաջորդեն ծիածաններ։

Իւրաքանչիւր մարդ տարբեր հովանի մը կը գտնէ այդ գոռոզ երկինքէն պաշտպանուելու յոյսով։
Ոմանք կը պատսպարուին հովանոցի մը տակ եւ ոմանք ալ ինքնակամ կը յանձնուին անոր անակնկալներուն։
Իւրաքանչիւր մարդ կը պայքարի այդ երկինքին դէմ։
Երբեմն մեծ փոթորիկներու դիմաց ամուր կենալով, երբեմն ալ հովուն դէմ խոնարհելով։
Վերջապէս բոլորս ալ կը դիտենք այդ երկինքը՝ մանկական զուլալ սպասումներով եւ ինչ, որ պատահի, չենք դադրիր երազելէ՝ նորանոր ծիածաններու ակնկալիքով։

10/13/19

Թարգմանչաց Տօն

Թարգմանչաց Տօն։
Մանուկ հասակիս, այս տօնը այլ նշանակութիւն ունէր։ «Թարգմանչաց Տօնը» բանաստեղծութիւններ արտասանելու եւ հայերէն երգեր երգելու տօն էր մեզի համար։ Խանդավառ կը զգայինք (կամ ես կը նախընտրեմ այդպէս յիշել) ու բոլորս ջանք կը թափէինք բանաստեղծութիւն մը եւս սորվելու համար, որպէսզի դպրոցական հանդէսին առաւել դեր ստանձնէինք։
Այս հանդէսներէն մէկուն պատրաստութեան շրջանին էր, երբ ես սորվեցայ հետեւեալ տողերը.
Շատ կը սիրեմ ես իմ լեզուս
Սիրելին է մեր ամէնուս
Անով կ՚երգեմ ու կը կարդամ
Երբ զայն լսեմ, կ՚ուրախանամ։
Կ՚արտասանեմ միշտ երջանիկ
Բառերն անոր հատիկ հատիկ
Շատ կը սիրեմ ես իմ լեզուս
Իմ մայրենի քաղցր լեզուս։
Թէեւ պզտիկ էի եւ ամէն բանի մասին չէի կրնար դիտարկութիւններ ունենալ, սակայն մէկ բան գիտէի՝ իրօք մայրենիս քաղցր էր ու այդ դպրոցական ներկայացումէն ետք, այս բանաստեղծութիւնը դարձաւ քայլերգ ու ես սկսայ զայն արտասանել ամէն օր, ամէն ժամ ու ամէն տեղ։
Մինչդեռ կարճ ժամանակ անց, հասկցայ որ, ընտանիքիս համար մեր մայրենին ունէր աւելի աղի եւ խորունկ իմաստ։ Մեր տան հացը՝ մեր մայրենիին շնորհիւ էր։ Բայց լոկ հաց չէր ան։ Օդ էր եւ ջուր էր։ Հուր եւ հող էր։
Այսօր գաղտնի նախանձ մը կը զգամ մանկութեանս հանդէպ։ Նոյն խանդավառութիւնը կրկին զգալ կ՚ուզեմ, սակայն գիտեմ, թէ խանդավառ զգալու համար կանուխ է տակաւին։ 
Կը փորձեմ այդ արտասանութեանս հետքերով շահիլ մանկական խանդավառութիւնս։
Շնորհաւոր Թարգմանչաց Տօն։

9/26/19

Մութ է։ Խոր լռութիւն...


Մութ է։ Խոր լռութիւն։
Երկինքէն փայլուն աստղիկ մը, կ՚որոշէ իջնել երկիր ու կը փափաքի զգալ հողի ջերմութիւնը։
Կ՚անցնի լայն պողոտաներէն ու փողոցներէն։ Կը տեսնէ տուն մը եւ յանկարծ վառ զգացում մը կը գրաւէ զինքը։ Կ՚ուզէ այդ տունէն ներս սպրդիլ։ Անձայն ու անշշուկ կը մտնէ։

Կը տեսնէ նորածին մը։ Նորածինի հօր ու մօր խանդավառութեամբ կը բորբոքի պզտիկ աստղը։ Կ՚ուզէ յարատեւ կրել այդ զգացումը։ Կը մօտենայ մանուկին ու անոր սրտէն ներս կը խուժէ։

Այդ աստղիկը չի նկատեր, որ այդ օրը՝ 26 Սեպտեմբեր 1869 է։
Այդ աստղիկը չի նկատեր, որ այդ քաղաքը՝ Կուտինա քաղաքն է։
Այդ աստղիկը չի նկատեր, որ այդ տունը՝ Սողոմոնեաններու տունն է։

Գէորգ Սողոմոնեանի եւ Թագուհի Յովհաննէսեանի հայրենի տունը այդ օր կը ցնծայ։ Իրենց գեղեցիկ ձայները եւ երգեր յօրինելու բնատուր յատկութիւնները կը փոխանցեն պզտիկին։ Պզտիկ աստղը կը զգայ, թէ որքա՜ն մեծ սրտի մը մէջ խուժած է։

Դժբախտաբար, կարճ ժամանակ անց, աստղիկը կը գիտակցի, թէ ոչ բոլոր զգացումները յարատեւ են։ 1870 թուականին Սողոմոնին մայրը կը մահանայ եւ այդ պզտիկ աստղիկէն մաս մը տանելով կը ճամբորդէ երկինք։ 10 տարի յետոյ՝ 1880 թուականին՝ այս անգամ Սողոմոնին հայրը կ՚երթայ վերամիանալու իր կողակիցին։

Պզտիկ Սողոմոնը եւ աստղիկը 11 տարեկանին որբ կը դառնան։ Թէեւ բեկեալ, սակայն աստղիկը կը զգայ, թէ որքան հզօր է պզտիկ Սողոմոնին սիրտը: Չ՚ուզեր հեռանալ։ Գիտէ, թէ օր մը նորէն պիտի զգայ այդ խորունկ տպաւորութիւնները։

Այդ պզտիկ աստղը եւ Սողոմոնը կը մեծնան, կը շողան ու կը բոցավառին։ Միասնաբար կը կերտեն Կոմիտասը։

Եւ Կոմիտասը կ՚աստղազարդէ իր ժողովուրդին երկինքը։

Հայ երգահան, երգիչ, երաժշտագէտ, բանաստեղծ, վարդապետ, ուսուցիչ, բանահաւաք, խմբավար եւ մանկավարժ Կոմիտաս։ Սխրանքդ, զոր նուիրեցիր ապագայ սերունդներուդ եւ ազգիդ, դեռ սուրբ է եւ վառ։

Կոմիտասը... անմոռանալին։

9/8/19

Բարի Վերամուտ



Պոլիս եմ։ Գնալը կղզի։
Կը դիտեմ ալեկոծ ծովը։
Կը տեսնեմ միւս կղզիները՝ Պուրկազը, Հէյպէլին եւ Մեծ Կղզին։
Ծովուն խախուտ ալիքները համընթաց կը ցնցեն մտածումներս։ Կարելի՞ է կասեցնել երեւակայութեան սահմանները։

Յետոյ կը նկատեմ քաղաքը... Այդ կոպիտ եւ յաւակնոտ քարէ կոյտը։
Այո, կոյտ մըն է լոկ, ոչ շունչ ունի, ոչ ալ եռանդ։
Խոնջ է, շա՜տ յոգնած։
Աչքերս կը սեւեռեմ մեր տան դիմաց գտնուող վարդագոյն շէնքին՝ երբեմնի Ներսէսեան վարժարանին։ Խոր լռութիւն կը տիրէ։
Յանկարծ ճայերու ձայները կը վերածուին մանուկներու ձայներու...
Վարժարանի փեղկերը կը բացուին, վերամուտ է։
Կրկին կը նայիմ քաղաքին։ Կանաչ է, դեռ մատղաշ եւ կ՚ապրի, կը շնչէ։
Ալիքնե՛ր, կեցէ՛ք, կանգ առէ՛ք։ Չեն խաղաղիր մտածումներս։
Կ՚երազեմ երբեմնի քաղաքը, որ բազում գրիչներու ուրախութիւն պատճառած է, ոմանց ալ հիասթափութիւն։
Հիմա անշունչ է, իր ծոցէն չեն բուսնիր նոր ծիլեր։
Ես այդ հին քաղաքը կ՚ուզեմ, որ հին լուսանկարի մը պէս յաճախ կը յամառի դէմս ելլել վէպերու, յուշագրութիւններու եւ բանաստեղծութիւններու մէջ։
Կ՚երազեմ, կ’ոգեւորուիմ, կ՚ուրախանամ, կը հիասթափուիմ։
Կը նկատեմ, որ այդ քարէ կոյտը կը լուծուի, հեղուկ կը դառնայ։
Այդ քարէ կոյտը՝ գրիչիս թանաք կը հանդիսանայ։
Կը թաթխեմ գրիչս այդ քաղաքի խորքին ու կը սկսիմ գրել։
Ներսէսեան վարժարանի զանգակը կը հնչէ։
Կը սթափիմ։
Ծովը խաղաղ է։

Համացանցային հինգ գործիքներ, որոնք կարելի է գործածել հայերէնի դասաւանդութեան մէջ

     Համավարակ... պայթում... 2020 թուականի զանազան անակնկալներուն պատճառով այսօր աշխարհի չորս ծագերուն հայկական վարժարանները դէմ յանդիման կը...