2/28/20

Իմ Աղի Մայրենիս



«Շատ կը սիրեմ ես իմ լեզուս,
Իմ մայրենի քաղցր լեզուս»

Այս բանաստեղծութեան տողերով անցաւ գրեթէ բոլոր մանկութիւնս։ Մայրենի լեզուս քաղցր էր, անուշ էր, համովիկ-հոտովիկ էր։ Նաեւ վեհ էր, փառաւոր եւ շքեղ։ Մանուկ հասակիս կը ջանայի ամէն օր ճաշակել այս անուշիկ լեզուն՝ թէ դպրոցը, թէ տունը։ Կը փորձէի հասնիլ երկինք, քանի որ նաեւ վսեմ էր ան։ Մինչդեռ քիչ ժամանակ անց անդրադարձայ, որ մայրենիս այս սահմանումներէ աւելին էր։ 
Գիտէ՞ք, կը սիրեմ պարզունակութեան խորութիւնը։ Երբ նկատեցի, որ մայրենին մեր տունէն ներս աւելի աղի համ ունէր՝ մեր տունին հացն էր, աւելի ամուր գրկեցի զայն։ Նշմարեցի, թէ դիւրութեամբ կրնայի պարզել թեւերս ու հասնիլ անոր. հոն զիս կը սպասէր։
Ծանօթ համերը միշտ կը զգլխեն զիս, որովհետեւ անոնք յիշողութիւններ կը պարունակեն։ Յիշեցի մոռցուած այդ համը, մօրս առաջին կաթի կայլակին համն ունէր։ Մայրենիս ծանօթ համ մըն էր ինծի համար, երբ զայն իբր հաց ճաշակեցի։
Մեր երդիքին տակ ջերմութիւն էր մայրենին։ Ընտանիքի շատ մտերմիկ անդամներէն մէկն էր։ Երբ այս բոլոր զգացումները հատիկ-հատիկ փորձառեցի, վերջապէս ազատ արձակեցի զայն։ Միայն մայրենիս էր՝ իմ լեզուս, որ հեռու էր չափազանցեալ ածականներէ։
Մէկ առ մէկ սաւառնեցան անոր տառերը եւ սկսան ազատութիւն բուրել։ Այլեւս նաեւ ապրումներուս, երազներուս, գաղափարներուս, ուրախութիւններուս եւ տխրութիւններուս լեզուն էր ու ես՝ սկսայ անոր հետ արտայայտել բոլոր հոգեկան ալեկոծումներս։
Մայրենիս այդ հրաշալի համանուագն էր ինծի համար՝ իր բոլոր թաւ եւ զիլ հնչիւններով։ Խազերու այդ համախմբումը մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէր ու ես որոշեցի անոր երաժիշտներէն մէկը ըլլալ։
Ներկս էր մայրենիս, նուագարանս, գաճս, երաժշտութիւնս, գրիչս... բոլոր արուեստներու միջոցն էր ան, քանի որ դադրած էր լոկ լեզու մը ըլլալէ։
Երբ կը մտածեմ մանկութեանս կամ պատանեկութեանս մասին, բոլոր յիշողութիւններուս մէջ պատառ մը մայրենի կը գտնեմ... ծնած օրէս ցայսօր։ Կեանքիս անբաժանելի մասն է եւ կը յուսամ, որ յաւերժ այդպէս կը մնայ։
Այսօր շատ հրճուած եմ, քանի որ հօրս նման ես ալ հացս կը շահիմ մայրենիիս շնորհիւ։ Մայրենիս ժառանգութիւնս է՝ հօրս եւ մօրս ամենամեծ ժառանգը։
Ու ես՝ այս խոնջած լեզուի անխոնջ հետեւորդներէն մին՝ անձանձիր պիտի աշխատիմ, որ ան ոչ միայն ըլլայ քաղցր ու վեհ, այլ նաեւ ազատութիւն բուրէ, ըլլայ աղի ու մերձենալի։ Լոկ հաց մը ըլլայ ան՝ մեր առօրեայէն անբաժանելի։
Շնորհաւոր ըլլայ բոլոր մայրենի լեզուներու միջազգային օրը, բայց բոլորէն աւելի՝ իմ կենսաբաշխ մայրենիիս օրը։ 


2/4/20

Զապէլ Եսայեան 142 տարեկան...


«Ծնած եմ 1878-ին, Փետրուար 4-5 (յունական տոմար) առաւօտեան դէմ, Կ. Պոլիս, Սկիւտար, Սիլիհտարի պարտէզներ կոչուած թաղին մէջ։»
«Ես ծներ եմ վտիտ եւ վատուժ։ Տիգրան մօրեղբայրս նորածինը տեսնելով գոչեր է.
– Աս ալ չոճո՞ւխ է, պէ՜… կարծես քիչ մը փրփուր է. մե՜ղք քաշած նեղութեանս…։»
Եւ այս փրփուրը կը մեծնայ, կը բազմանայ ու դուրս կը յորդի։
Կը պոռթկի ու կը ճոխանայ։
Կը տարածուի, կը սփռուի ու կը ջանայ իր սուր սպիտակութեամբ տապալել «յետամնաց մտայնութեամբ քաղքենի հասարակութեան ճնշումները»։
Կը կարդայ Սրբուհի Տիւսաբի գիրքերը ու այդ տողերուն մէջէն կը փորձէ դեղ մը ճարել։
Երբ Տիկին Տիւսաբ կը լսէ, թէ Եսայեանն ալ գրական ասպարէզի թեկնածու մըն է, զայն կը նախազգուշացնէ, ըսելով, որ «այս ասպարէզը կնոջ համար աւելի շատ տատասկներ ունի, քան դափնիներ»։ Տիւսաբ կը յորդորէ միջակութենէ վեր ըլլալ։ «Էրիկ մարդ գրագէտը ազատ է միջակ ըլլալ, բայց ո՛չ կին գրագէտը» կ՚ըսէ ան։
Այդ փրփուրը կը յաջողի դառնալ 20-րդ դարու հայ գրականութեան ցայտուն եւ հզօր դէմքերէն մին։ Եսայեանը նաեւ կ՚ըլլայ ուժեղ հասարակական գործիչ մը եւ մարդկային իրաւունքներու բուռն պաշտպան։ Ան գրականութիւնը կ՚ընկալէ իբրեւ պայքարելու զէնք։ 
4 Փետրուար 2020՝ Զապէլ Եսայեան 142 տարեկան։
Միշտ տպաւորիչ եւ յաւերժ ժամանակակից։

1/23/20

Իւրայատուկ Պղպջակներ


Բոլոր մանուկները իւրայատուկ մտածելակերպեր ու ըմբռնելու ձեւեր ունին։ Անոնց դատողութիւնները եւ գաղափարները կ՚ուրուագծուին որպէս մտային պղպջակներ։ Այս պղպջակները պէսպէս կտրուածք կ՚ունենան։ Մէկը եռանկիւն կ՚ըլլայ, միւսը՝ կլոր, ուրիշ մը՝ հնգանկիւն կամ ուղղանկիւն։ Բազմատեսակ այս պղպջակները իրենց բազմատեսակ գոյներով անձնայատուկ կ՚ըլլան ու մանուկին եզականութիւն կը շնորհեն։
Իսկ ի՞նչ կ՚ընէ կրթական համակարգը։ Ուսուցիչ մը, մկրատ մը եւ վրձին մը ձեռքը՝ կը սկսի այս բոլոր պղպջակները բռնաբար քառակուսիի վերածել ու բոլորը նոյն գոյնով ներկել։ Կը կործանի եզականութիւնը։ Շատ ցաւալի է։
Այսօր ընկերուհիիս հետ կը խօսէինք մեր անձնական դպրոցական փորձառութիւններուն մասին։ Որքան խօսեցանք, այդքան ապշեցանք ու ջղայնացանք, որովհետեւ անդրադարձանք, թէ ունեցեր էինք ուսուցիչներ, որոնք վնասեր էին նաեւ մեր ուրոյն պղպջակները։ Սակայն բախտաւոր էինք, քանի որ մեր ծնողքը անտեսանելի խաւով մը պաշտպաներ էր մեր մտային սեփականութիւնները։
Հետզհետէ նկատեցինք, որ մեր փոքր տարիքով հանդերձ, որքա՜ն մեծ ազդեցութիւն ձգած էր ուսուցիչի մը անզգայ կատակը, անտարբերութիւնը կամ տգիտութիւնը։ Նշմարեցինք նաեւ, որ այս վերաբերմունքը սաստիկ տպաւորած է մեզ ու ցայսօր ունի հետեւանքներ։
Երբեմն ուսուցիչներ չեն մտածեր իրենց վարմունքին կամ խօսածներուն մասին, յատկապէս եթէ դիմացինը «պզտիկ» է ու կը կարծեն, թէ հետեւանք մը չ՚ունենար այս բոլորը։ 
Մինչդեռ այդ մանուկը, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կամ կ՚ըլլայ այդ ուսուցիչներուն պէս ու վնաս կը հասցնէ ուրիշներուն, կամ ալ կը պայքարի իր ուսուցիչներուն պէս չըլլալու համար։
Կեանքը գոյնզգոյն ու բազմազան պղպջակներով է գեղեցիկ ❤️

1/19/20

Երկչոտ Աղաւնիներ


Երեւակայեցէ՛ք բամպակով հիւսուած հաստատուն եւ պինդ պատեր։
Այս պատերով էր շրջապատուած մանկութիւնս։ Ծնողքիս նպատակը անշուշտ զիս սահմանափակել չէր։ Այլ իրենց մտադրութիւնը, զիս աւելի «պահպանողական» միտումով մը պաշտպանել էր։ Պաշտպանել ինչէ՞ն եւ ինչո՞ւ։
Բոլորովին հայկական շունչ ունէր այդ աշխարհը, որ կը գտնուէր այդ «պատերէն ներս»։ Ընկերներս հայ էին, լեզուս հայերէն էր։ Նոյնիսկ այդ ժամանակ չէի անդրադառնար, որ այս հողերուն վրայ ես «օտար» կը համարուէի։ Որո՞ւ օտար եւ ինչո՞ւ։
Այս վարդագոյն երազներու մանկութիւնը սաստիկ հարուած մը ստացաւ 19 Յունուար 2007 թուականին։ Երազները փարատեցան։ Բամպակէ պատերը քանդուեցան ու ես այլեւս դէմ յանդիման էի իրականութեան հետ։
Այս երկրին մէջ կ՚որսային աղաւնիները։
Ո՛չ պաշտպան պատերս կային, ոչ ալ գոյնզգոյն ակնոցներս։
Միայն իսկութիւնն էր սեւ խաւարին մէջ։
«Հրանդ Տինք սպանուեցաւ»։
Սպանուեցա՞ւ։ Ինչո՞ւ։ Ո՞վ սպանեց։ Ի՞նչ էր յանցանքը։ Ո՞վ պատժեց։
Հիմա, երբ կը գրեմ այս բոլորը, կը զգամ, թէ կարօտցած եմ այդ մանկական պարզութիւնս եւ միամտութիւնս։
Այդ օր, դպրոցէն կանուխ արձակեցին մեզ։ Տուն գացի։ Լուռ էր մայրս, չէր խօսեր։ Այդ անձայնութեան կը միջամտէր հաղորդավարին անզգայ ձայնը։
«Հրանդ Տինք սպանուեցաւ»։
Սպանուեցա՞ւ։ Ինչո՞ւ։ Ո՞վ սպանեց։ Ի՞նչ էր յանցանքը։ Ո՞վ պատժեց։
Իրիկունը գացինք խմբագրատան առջեւ։ Ծաղիկներ դրինք ու մոմ վառեցինք։
Մայրս կու լար։ Հայրս կու լար։ Ու ինծի համար ամէն բան անհասկնալի էր։
Հիմա, երբ կը գրեմ այս բոլորը, կը զգամ, թէ կարօտցած եմ այդ այլայլած հոգեվիճակս։
Տարիները հետզհետէ անցան անարդարութեամբ։ Հրանդ Տինք մնաց այդ մայթին վրայ ու մենք իր քով կանգնած արդարութիւն պահանջեցինք։
Ինչքան անցան այդ տարիները, այդքան ըմբռնելի դարձաւ ամէն ինչ ու այդքան սաստկացաւ զայրոյթս։ Բոլոր հարցումներս մէկ առ մէկ պատասխան գտան։
Սակայն Հրանդ Տինքին ժառանգութիւնը միայն «աղաւնիի մը երկչոտութիւնը» չէր։
Մենք Հրանդէն ժառանգաբար ստացանք պայքարի ոգի, արդարութեան պահանջ, քաջութիւն եւ հաւատք։
Ու մինչեւ, որ Հրանդ Տինք ոտքի ելլէ այդ մայթէն, պիտի շարունակենք մեր պայքարը։
Հողդ թեթեւ ու միտքդ հանգիստ ըլլայ։ Հո՛ս ենք, Աղբարի՛կ։

1/3/20

Ճամբորդութիւն... դէպի՞


Օդակայանները միշտ յուզում կը պատճառեն։ Վերադառնալու մասին կը մտածեմ։ Ո՞ւրկէ վերադառնալ եւ ո՞ւր վերադառնալ։
Վերադառնալ բայը որքա՜ն խորունկ իմաստներ կը պարունակէ։
Կարօտ, անձկութիւն, յուզում, ակնկալութիւն…
Տուն երթալ, տունէն երթալ։ Մարդ կրնա՞յ երկու տուն ունենալ։
Բախտաւոր եմ կարծեմ։ Հիմա օդակայանի մէջ նստած՝ պայուսակիս մէջ կը կրեմ երկու բանալիներ։ Երկու բանալի ունիմ ես, մէկը՝ ծննդավայրիս, իսկ միւսը հայրենիքիս դռները կը բանան դէմս։
Երկու բարձ ունիմ օրինակ։ Երկու բարձերն ալ տարբեր են, սակայն իրենց կրած գլուխը նոյն ոգեւորութեամբ կ’երազէ։
Երկու գրադարան ունիմ։ Երկու տարբեր հաւաքածոյ, որոնցմէ մէկը Պոլսոյ, իսկ միւսը՝ հայրենիքի գանձերն են։ Երկու գրադարանները տարբեր են, սակայն իրենց տէրը նոյն եռանդով կը կարդայ։
Երկու սենեակ ունիմ բնականաբար։ Մէկը կը ցոլացնէ կեանքս ցայսօր, իսկ միւսը նոր-նոր կը ձեւաւորուի։ Մէկը սառած է հիմա՝ շունչ չունի, հաւատարմաբար կը պահէ յիշատակներս։ Իսկ միւսը՝ նորանոր յոյսերու, ուրախութիւններու, հիասթափութիւններու, անքուն գիշերներու կը վկայէ։
Երկու սենեակներէն ներս կը մտնէ նոյն անձը, սակայն հետզհետէ դուրս կ’ելլէ ուրիշ մը։
Կաղանդի շեմին կը կղպեմ դուռս բանալիով եւ կը պատրաստուիմ միւս դուռս բանալու։
Կը վերադառնամ տուն, ճամբայ կ’ելլեմ տունէս։
Կը ճամբորդեմ դէպի բարձս ու դեռ նոր հեռացած եմ բարձէս։
Գրադարանիս համար կը կրեմ գիրքեր, որոնք փոխ կ’առնեմ գրադարանէս։
Սենեակէս կը հեռանամ, վերամիանալու համար սենեակիս հետ։ Մէկը անցեալս է, իսկ միւսը՝ ներկաս։
Իսկ այս բոլորին պիտի յաջորդէ Նոր Տարի մը: Նոր յոյսեր, նոր ակնկալութիւններ…
Ես՝ նոյն, բանալիներս՝ նոյն, բարձերս, գրադարաններս, սենեակներս՝ նոյն։
Տարին նոր է, տարին մատղաշ է դեռ ու լաւատես։
Նոր տարին ինչո՞ւ այսքան ուրախ է։ Կը նախանձիմ։
Նոր տարին «նոր» է, իսկ ես՝ «նոյն»։
«Նոյն» Սարինը ձեր բոլորին կը մաղթէ ուրախ «նոր» տարի մը։

12/9/19

Ա՜խ Պոլիս, Պոլիս...

Ա՜խ Պոլիս, Պոլիս...
Կը գրեմ ու կը ջնջեմ։ Ի՞նչ պէտք է ըսել, ինչպէ՞ս պէտք է մեկնաբանել այս բոլորը։ Դո՛ւն, որ դարերու ընթացքին արկածախնդրութիւններով լեցուն կեանք մը ունեցար, յոգնեցա՞ր, կը պարտուի՞ս այլեւս։
Դուն, որ մեր նախնիներուն յոյսերու օրրանն էիր, մեր մեծերուն օթեւանը, կը հիասթափի՞ս։
Դուն, որ գրիչներու, գաղափարներու եւ իմաստութեան երբեմնի ծննդավայրն էիր, կը յանգի՞ս։

Ա՜խ Պոլիս, Պոլիս...
Զաւակներդ ե՞րբ այսքան խելակորոյս դարձան։ Մի՞շտ այդպէս էին։
Ծոցիդ մէջ ապրիլ բացայայտ խելագարութիւն էր։ Սակայն զաւակներդ ինչո՞ւ թշնամացան իրարու։ Ինչե՞ր կը պատահին, սթափի՛ր, վիճի՛ր։

Ա՜խ Պոլիս, Պոլիս...
Դուն միշտ գրկաբաց ընդունեցիր բոլորը։ Մեծհայրս լքելով իր ծննդավայրը, եկաւ ապաստանելու քու հսկայ բազուկներուդ տակ։ Պոլսեցին օգնեց Կեսարացիին, որ ան շուտ համակերպի իր կեանքի նոր իրականութեան։ Տառապալի օրերէն յետոյ տեսանք, որ մէկ եղաւ հայը՝ քաղաքացին եւ գիւղացին։ Այո՛, խրթին ընթացք էր, բայց տեսանք, որ իրականացաւ։

Ա՜խ Պոլիս, Պոլիս...
Ե՞րբ այսքան պառակտեցանք։ Զաւակներդ առարկեցին ու չուզեցին «մէկ» ըլլալ։ Բաժնուեցան իրարմէ, հեռացան, նոյնիսկ խռովեցան։
Միթէ՞ երբեք «մէկ» չէին դարձած։

Ա՜խ Պոլիս, Պոլիս...
Գիտեմ, որ յիշողութիւններու մեծ շտեմարանդ կը բանաս ու կարօտնաս հիները։ Հիները, որոնք վիճաբանութեան հմուտ մշակոյթ մը ունէին՝ որակաւոր եւ հանդուրժող...

Ա՜խ Պոլիս, Պոլիս...
Կը տեսնեմ, որ նստած կու լաս հին օրերու կարօտով եւ ապագայի մտահոգութեամբ։ Մի՛ լար Պոլիս, մենք դեռ հոս ենք։
Յիշէ՛, թէ ի՛նչ կ՚ըսէր Րաֆֆին։
«Երբ պաղ երկաթը սաստիկ կը տաքցնէին եւ կը սկսէին ծեծել - ա՛յն ատեն միայն պահուած կայծերը, շանթերու կոտորակներու պէս, դուրս կը ցայտէին ու կը սփռուէին ամէն կողմ...»


11/15/19

Ապաստաններ


Վստահ եմ, որ բոլորս ալ ունինք մեր անձնական, գաղտնի, գողտրիկ ապաստանները, որոնց մասին ոչ ոք գիտէ։ Շատ հարազատ են անոնք, մեր սիրտերուն շա՜տ մօտ եւ անշուշտ ցոյց տալ չենք ուզեր զանոնք պատահական անցորդի մը, որ աննշան կ’անցնի մեր կեանքէն ու կը հեռանայ անվերադարձ։ Այդ ապաստանները մեզի ապաւէն կտուրներ են։ Կ’ապաւինինք անոնց որոշ օրերու, երբ կեանքը արտասովոր երեւոյթ մը կը ստանայ։
Այս ապաստանները ժամանակի ընթացքին մեզի հետ համընթաց կը հասուննան եւ կը կերպարանափոխուին։
Երբ պզտիկ էի, ինծի համար այդ ապաստանը մեծ մօրս տունն էր, որ նաւթալին կը բուրէր։ Այդ կտուրը երազային աշխարհ մըն էր, շաքարներու եւ տուրմերու հանրապետութիւն մը։ Հետագային երբ սկսաւ ամէն ինչ փոխուիլ, այդ կտուրը շաքարներէ եւ տուրմերէ շատ աւելի տարբեր իմաստ ստացաւ։ Դարձաւ ընտանեկան ճոխ հաւաքոյթներու, տօնական օրերու, յիշատակներու կտուր մը։ Այդ կտուրը դադրեցաւ միայն իմ ապաստանը ըլլալէ ու եղաւ բոլորին ապաստանը։ Իսկ ես, կորսնցնելով իմ գողտրիկ օթեւանը, սկսայ փնտռել այլ տարբերակ մը։ Որքան մեծցայ, այնքան հասկցայ, որ մեր ամէնէն խորհրդաւոր ապաստանը մե՛նք ենք։ Որքա՜ն մեծցայ, այնքան մեկուսացայ։ Այլեւս գրադարանս էր ապաստանս։
Գրադարան չունեցող տուներու մէջ անսովոր կը զգայի, քանի որ մեր տան մէջ հնարաւոր բոլոր պարապութիւնները գիրքերով լեցուն էին։ Իւրաքանչիւր գիրքով ձեռք բերի կտուր մը։ Ճի՛շդ խաչբառի մը նման, ամբողջացնելով հնարաւոր բոլոր պարապութիւնները։
Ժամանակի ընթացքին սկսայ նաեւ այդ ապաստաններուն միջեւ խտրութիւն դնել։ Բոլորը չէին կրնար գրաւել սիրտս։ Սկսայ մէկ առ մէկ հեռանալ որոշներէն ու կամաց-կամաց մօտենալ ուրիշներուն։ Ճի՛շդ բարեկամութեան նման, դասաւորելով բոլոր խառնիճաղանճը։
Այսօր, երբ տխուր, առանձին կամ անտրամադիր զգամ, իսկոյն կը դիմեմ գրադարանիս։ Կարծեմ ասոր ամենամեծ պատճառը գրադարանիս անձայն ըլլալն է՝ անձայն եւ լսող…
Վստահ եմ, բոլորս ալ ունինք մեր տխուր, առանձին, անտրամադիր օրերը, որոնց մասին ոչ ոք գիտէ։ Շատ հարազատ են անոնք, մեր սիրտերուն շա՜տ մօտ։ Այսօր այդպէս օր մըն է եւ ես նորէ՛ն գրադարանիս դիմացն եմ։ Ճերմակ գիրք մը կայ հոն, աչք կը թարթէ։ Կ’առնեմ։ Կը բանամ պատահական էջ մը ու կը կարդամ։
«Երբ գրել փորձեմ
Միտքս կ’իյնայ «լոյս» բառը նախ
յետոյ «կատու»ն –
կը խորհիմ
– ինչ կապ կայ երկուքին միջեւ-
ու կը գրեմ
– կատուն լոյսը կերաւ-
– սենեակը մնաց մութին մէջ-»
Սիրտս կը լուսաւորուի։ Ապաստանս երբեք չի հիասթափեցներ զիս։ Կը ժպտիմ։ Սենեակը մութ է, իսկ սիրտս՝ պայծառ։
Շնորհակալ եմ, Զահրա՛տ։

Համացանցային հինգ գործիքներ, որոնք կարելի է գործածել հայերէնի դասաւանդութեան մէջ

     Համավարակ... պայթում... 2020 թուականի զանազան անակնկալներուն պատճառով այսօր աշխարհի չորս ծագերուն հայկական վարժարանները դէմ յանդիման կը...