4/20/19

20 Ապրիլ 1884

135 տարի առաջ այսօր՝ 20 Ապրիլ 1884 թուականին, Սեբաստիոյ Բրգնիկ գիւղի բնակիչներէն Գրիգորը, Զատկի խթման գիշեր կ՚երթայ Բրգնիկի Ս. Սարգիս Եկեղեցին։ Երբ ան մտիկ կ՚ընէ Դանիէլ մարգարէի ընթերցուածը, տունէն լուր կը ղրկեն, որ ընտանիքի անդրանիկ զաւակը աշխարհ եկած է։
Անկասկած՝ նորածինը Դանիէլ կը կոչեն։ 
Այդ գիշեր, Չպուգքեարեաններու երդիկին տակ կը ծնի փոքրիկ Դանիէլը։
Այդ գիշեր, Չպուգքեարեաններու երդիկին տակ կը ծնի մեծ բանաստեղծը՝ Դանիէլ Վարուժանը։
Նախ կ՚ըլլայ պանդուխտ եւ ապա՝ դպրոցական մը։ Կը գրէ իր առաջին բանաստեղծութիւնները տասնչորս տարեկան հասակին։
Կը դառնայ բանաստեղծ։
Կը դառնայ ուսուցիչ։
Կը դառնայ մտաւորական։
Իր գրիչին աւիւնը կ՚ըլլայ հայրենի հողը՝ մերթ իր ցաւով եւ մղձաւանջով, մերթ մշակներով եւ աստուածներով։
1 Նոյեմբեր 1908 թուականին, ի պատասխան Թէոդիկին, կը գրէ հետեւեալ տողերը.
«Իսկ բաղձանքս եթէ կ՚ուզէք, - բաղձանքս է ապագային մարդերուն նուիրել այնպիսի հզօր երգ մը՝ որ Հայրենիքը ինծի պէս արարած մը ծնած ըլլալուն գոնէ չզղջայ:»
Ո՛վ արուեստի բագին, վարպե՛տ Վարուժան, ազգը երբեք չզղջաց քեզ ծնած ըլլալուն։
Թէ՛ յիշատակդ, թէ՛ ուժգին խօսքդ, թէ՛ երազներդ անմահ են...
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։


2/21/19

Շատ Կը Սիրեմ Ես Իմ Լեզուս

Կը տեղեկանամ, թէ հօրենական մականունս Հաճի Արթինեան է։ 1934 թուականի օրէնքով, մեծ հաւանականութեամբ պաշտօնեայի մը երեւակայութեան ցնորքով, ընտանիքին մէկ մասը «Ագպաշ» միւս մասը «Իշլիարըք» կը դառնայ։
Երկու եղբայրներ, երկու տարբեր մականուններով կը հասցնեն սերունդներ։ Չորս սերունդ յետոյ, ես կը գտնեմ հարազատ ազգականներս։
Մեր նախնիները, թէպէտեւ տարբեր մականուններով, բայց նոյն եռանդով ու գիտակցութեամբ կը հասցնեն հայ սերունդներ։
Ազգականներուս հետ կը ծանօթանամ հայերէնով։ 
Հայերէնը կը տանի զիս դէպի հօրենական տունս։
Մեզ միացնողը կ՚ըլլայ մեր մայրենի լեզուն։
Շնորհաւո՛ր միջազգային մայրենի լեզուի օր։

Հարիւր անգամ Կիկօ՝ մենք


«Մեծ քաղաք»ի եռանդուն երգիչը բառերու մեծ համանուագի մը հանճարեղ վարիչն էր։ Բառերուն հետ իրապէս «բառ կը խաղար» իսկ չարերուն հետ՝ չէր խաղար։ 
«Գունաւոր սահմաններ» որոշեց ու լարախաղացի մը նման խաղաց այդ սահմաններուն վրայ՝ լայնքին ու երկայնքին, համադրելով նաեւ զանազան գոյներ՝ կարմիր, կապոյտ, կանաչ, ճերմակ, սեւ... Ի վերջոյ անդրադարձաւ, թէ սոսկ պատրանք էր անսահմանին հասնիլ։
«Բարի երկինք» մաղթեց բոլորիս ու հիացաւ այդ չարաճճի աստղով, որ կը նայի երկրագունդին ու կը մարի խնդալէն։ 
«Կանանչ հող»ով շարունակեց պատմել իր շատ սիրելի Կիկոյին արկածախնդրութիւնները ու պարզեց, թէ իւրաքանչիւրս մենաւոր Կիկօներ ենք։
«Մէկ քարով երկու գարուն» բերաւ ու հրամցուց մեզ այդ երրորդ ոչխարին միսը, որ կեանքի համ ունէր։
«Մաղ մը ջուր» էր իր պարտքը մեզի ու արթնցուց բոլորս հետեւեալ տողերով՝
«ես առաւել դուն հաւասար է մենք, այդ առաւելը գծելն է դժուար»։
«Ծայրը ծայրին» հասաւ ու «եօթանասունհինգին սահմանին» երբ իրեն «անցիր նայինք» մը ըսին, շատ չսիրեց այդ «նայինք»ը բայց շարունակեց ստեղծել։
Ինչպէ՞ս կրնար դադրիլ։
«Ջուրը պատէն վեր» հանեց ու ապշեցուց բոլորս։ Վերջալոյսը դիտելու կ՚ելլէր Յարվարդին, Եդուարդին ու Գաբոյին հետ։ Տարիներ ետք, ինքը մնաց միայն՝ իր վերջալոյսին հետ գլուխ գլխի։
Տասներկու տարի առաջ՝ 21 Փետրուար 2007 թուականին, ինչ որ մնաց իրեն «այս աղուոր ճամբորդութենէն» հետը տարաւ ու լքեց մեզ՝ մեր վերջալոյսերուն հետ գլուխ գլխի։
Միտքը դրեր էր Կիկօն՝ պիտի չմեռնէր, մեր գեղեցիկ մայրենիին պէս։
Կիկօն չմեռաւ, Կիկօն կ՚ապրի բոլորիս մէջ, մեր գեղեցիկ մայրենիին պէս։
Քանի որ, «հարիւր անգամ Կիկօ մենք» ենք։
Զահրատը իր ճարտարամիտ վրձինով նկարեց ամենալաւ տեսարանները։
Իր ներկը եղաւ մեր մայրենին։
Մեր մայրենին իր բազմաձայն խազերով յօրինեց ամենալաւ համանուագները։
Իր նուագախումբի անդամներէն մէկն ալ՝ Զահրատն էր։
21 Փետրուար՝ Զահրատի տարելիցը։
21 Փետրուար՝ մայրենի լեզուի օր։

9/26/18

ԿՈՄԻՏԱՍ ԵՒ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ



1869 թուականին Կուտինայի մէջ աշխարհ եկաւ մանուկ մը, որ ապագային պիտի դառնար իր ժողովուրդին հանճարը։ 
Կոմիտասն էր։
Սողոմոն Սողոմոնեան ծնաւ 149 տարի առաջ այսօր՝ 26 Սեպտեմբեր 1869-ին։

Նոյն տարին, Կոմիտասէն ու Կուտինայէն շատ հեռու, Լոռիի Դսեղ գիւղին մէջ ծնաւ հանճար մը եւս, որ ապագային պիտի դառնար իր ժողովուրդին իմաստունը։
Թումանեանն էր։
Յովհաննէս Թումանեան ծնաւ 149 տարի առաջ՝ 19 Փետրուար 1869-ին։

Այս երկու մանուկները իրենց ծնունդներով միաւորեցին Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստանները ու գծեցին մեր հոգեւոր Հայրենիքի անծայրածիր սահմանները։

Կոմիտասի Պերլինի համերգէն ետք, Պերլինի օփերայի տնօրէնը անձամբ կը հրաւիրէ զինք իբր օփերայի գլխաւոր երգիչ։ Սակայն Կոմիտաս կը պատասխանէ. «Իմ երգիչի կարողութիւնները մէկ նպատակի միայն կը ծառայեն, մեծ ժողովուրդիս երգն ու երաժշտութիւնը ծանօթացնել երաժշտական աշխարհին եւ ապացուցել, որ հայ ստեղծագործ ժողովուրդը սկզբնական դարերէն ունեցեր է իր ինքնուրոյն երգն ու երաժշտութիւնը։»

Կոմիտասը լոկ երաժիշտ չէր։ Ան նաեւ մեծ ուսուցիչ եւ դաստիարակ էր։ Ուսուցիչներուն կը խրախուսէր. «Ուսուցիչ պարոննե՛ր եւ քոյրե՛ր, զգուշութեամբ ու երկիւղածութեամբ մօտեցէ՛ք դաստիարակութեան գործին։ Խիստ փափուկ պաշտօն մըն է ձերը։ Դաստիարակելու կոչուած էք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է. սխալ ուղղութեամբ ազգ մը կը խորտակէք։»

Անձամբ, միշտ թերի անուանած եմ այն մարդոց, որոնք կ՚ըսեն. «Մեզի պէտք են նոր Կոմիտասներ, նոր Թումանեաններ։» Ո՛չ։ Անկարելի է։ Ազգ մը կրնայ բազմաթիւ հանճարներ ունենալ, ինչպէս մենք ունեցած ենք ու ունինք, սակայն ազգ մը չի կրնար եւ պէտք չէ ձգտի նոյն հանճարներու ծնունդը։

Իսկ ե՞րբ մենք կը հասնինք իրենց նպատակին։ Կը հասնինք այն ժամանակ, երբ մենք կը կարդանք այն հանճարներու ստեղծագործութիւնները, խրատները կամ խօսքերը։ Ուշադի՛ր։ Միայն կարդալ չէ, կարդալ ու հասկնալ։

Հասկնալ Կոմիտասը։ Հասկնալ Թումանեանը։ Կարելի՞ է արդեօք։ Չեմ գիտեր։

Բայց ե՛ս հասկցած եմ զանոնք, թէեւ մանկական անմեղ անգիտակցութեամբ, երբ առաջին անգամ լսած եմ «Կաքաւիկ» երգը։

Մանուկ հասակիս, մանկական պատկերացումով, հիացած եմ այս երգով (եւ դեռ կը հիանամ)։ «Կաքաւիկ» երգին խօսքերը կը գրէ Յովհաննէս Թումանեան ու երաժշտութիւնը կը յօրինէ Կոմիտաս Վարդապետ։
Երկու ստեղծագործութիւններու միացմամբ կը գրաւեն մանուկի մը սիրտը, որ երգին բանաստեղծութեան եւ երաժշտութեան ծննդավայրէն եւ ծննդեան թուականէն շա՛տ հեռու կը գտնուէր։

Հանճարութիւնը այս է կարծեմ։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։ 


9/14/18

սահ-ման

Ի՞նչ է սահման։ Յաճախ կ՚ըսենք՝ «ամէն բան չափ ու սահման ունի»։ Ինչո՞ւ։ Ո՞վ կը սահմանէ զանոնք, մտածա՞ծ էք երբեք։ 

Մտազբաղ եմ քանի օրէ ի վեր։ Սահման։ Ես ինչպէ՞ս կը բնորոշեմ սահմաններս։ 

Տարօրինակ է։ Այս աներեւելի գիծերը կը կազմեն յարաբերութեան մը կմախքը։ Անձերու նկարագիրներէն կ՚ազդուին, միջավայրով կը ձեւակերպուին եւ խօսքով մարմին կը գտնեն։ Բայց, որքա՞ն ճիշդ է երկու շունչերու միջեւ գծել սահման մը։ Չեմ գիտեր։

Միայն գիտեմ մէկ բան։ Ես անձնապէս կը սիրեմ պատեր հիւսել եւ սահմաններս յստակ դիրքաւորել։ Պատերուս շնորհիւ ապահով կը զգամ ու չեմ յանդգնիր ուրիշի սահմաններուն մօտենալ։ Նկարագիր է։

Եթէ նայինք մեծ նկարին ու մտածենք՝ թէ ո՞վ այսքան կը սահմանէ մեզ, վերջաւորութեան կը տեսնենք, որ սահմանողը եւ սահմանուողը նորէն մենք ենք։ 

Շունչ մը առնեմ։ Լոյս մը ծագեցաւ։ Ուրեմն, թէ ե՛ս կը սահմանեմ զիս եւ թէ ե՛ս կը պայքարիմ սահմաններու դէմ։ Արտասովոր։

Սահմանը կը զետեղուի առնուազն երկու առումներու միջեւ, այնպէս չէ՞։ Հոս կը տեսնենք, թէ հեղինակը նախ ինքը իր հետ ինկած է սահմաններու մէջ՝ անլուծելի։

Միտքը դուք քաղեցէ՛ք ու հեղինակին նման մի՛ ըլլաք։ Հոգին սահմանելով կ՚անշնչացնէք անոր զօրութիւնը։ Մի՛ կորսնցնէք ձեր հոգիին ուժը։


Ես ալ երթամ ու զբաղիմ հեղինակին սահմաններով։

5/15/18

ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ...

Հայ դպրոցը վրէժ կը լուծէ։ Հայ դպրոցը պատմութեան դէմ կը պայքարի։ Հայ դպրոցը մեր անցեալն է, նաեւ ներկան ու ապագան։
Վարժարան փակելով տնտեսական հարցերը չեն լուծուիր՝ մանաւանդ եթէ չկայ վերաբանալու իրաւունք։
Վարժարան փակելով ժողովուրդի մը սիւնը կը տապալի։ Վարժարան փակելով ներկան կը կործանի։
Վարժարան փակելով ազգը պարտութեան դրոշմը կը կնքէ։
Վարժարանը տուն է։ Վարժարանը կրթութեան օճախ է։ Վարժարանը ապագայի ապահովագրութիւն է։
ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՓԱՍՏ Է, ՈՐ ԿԱՆՔ ՈՒ ԿԸ ԳՈՅԱՏԵՒԵՆՔ:
Ես «Կեդրոնականցի» եմ։ Կեդրոնականը ինծի համար լոկ վարժարան չէ, երկիր է, խառնարան է, մտքի դարբնոց մըն է։ 
Բազում բան կը պարտիմ վարժարանիս ու յաւիտեան պարտական պիտի ըլլամ։
Վարժարաններու միջեւ խտրականութիւն ընել չէ նպատակս։ Սա կամ նա, մեր ներկայ վարժարանները պէտք է գոյատեւեն: Միայն շրջանաւարտները չէ, այլ ազգի բոլոր որդիները պէտք է զօրաւիգ ըլլան սոյն նպատակի համար։
Բայց Կեդրոնականս...
Կեդրոնականս այլ է ինծի համար։ Կեդրոնականը միայն ուսում չէ տուած։ Ան նաեւ կրթած է մեզ, ջամբած է հայ ոգի։
Վերջին օրերուս տեսանք՝ թէ դժբախտ դէպքեր պայքարի ոգի կու տան ժողովուրդին։ Ուրախ եմ, որ Կեդրոնականի շրջանաւարտներ եւ ազգի որդիներ մէկ բռունցք եղանք ու ձայն բարձրացուցինք։
Նոյնը կ՚ակնկալեմ բոլոր վարժարաններէն։ Այո, կը հասկնամ, դիւրին չէ նիւթական դժուարութիւններու լուծումներ գտնել։ Բայց մի՛ մոռնաք, դրամը միայն գործիք է, ոչ թէ նպատակ։ Գործիքն ու նպատակը չի խառնենք։ Նաեւ չի խառնենք վարժարանները «որոշ» հաշիւներու։
Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի ու հայ մտաւորականութեան առաջաւոր ներկայացուցիչներու ջանքերով հիմնուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանը։ Այսօր՝ ոչ Ներսէս Պատրիարք մը ունինք, ոչ ալ հայ մտաւորականութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Թոյլ տուէ՛ք, որ մեր վարժարանները «կրթեն» նոր սերունդներ, որոնք մտահոգ են իրենց ազգին ապագայով։
Ներսէս Պատրիարքի խօսքը կը մէջբերեմ. «Ես դպրոցներէն կը սպասեմ ազգին փրկութիւնը»։
Այս նախադասութեամբ սկսած է մեր Կեդրոնականի իններորդ դասարանի առաջին օրը։
Ձեր սպառնական խօսքերը զիս չեն վախցներ։ Գիտենք՝ թէ առանձին անհատներ կրնան բարոյապէս քայքայուիլ, իսկ ժողովուրդը՝ երբեք։
Լուսանկարը՝ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի առաջին ընթացաւարտներ՝ 1891 թուական։

12/12/17

Լուսանկար մը...

Լուսանկար մը ղրկեցի։

- Կը ճանչնա՞ս զինք։

- Ոչ...

Իւրաքանչիւր ընտանիք կ՚ունենայ պատմութիւն մը։ Ընտանիքի մը ազգագրական ծառը ինչ-ինչ կեանքեր, յիշատակներ եւ պատմութիւններ կ՚ընդգրկէ։ «Իւրաքանչիւր անձ առանձին պատմութիւն մըն է» խօսքին անտարակուսելիօրէն համաձայն եմ։

Իսկ ամէն հայ ընտանիք, այս բոլորէն զատ, իր ընտանեկան պատմութեան գիրքին մէջ կ՚ունենայ այն բաժինը, որ գրուած է արիւնով, կսկիծով, դառն յիշատակներով եւ տխուր պատմութիւններով։

Մեր գիրքն ալ այդպէս է։ Հայերուս համար ազգանունը կը հանդիսանայ իբրեւ ամենավստահելի ուղեցոյց։ Դժբախտաբար մեր պարագային, արմատներուդ հասնիլ, ընտանիքիդ պատմութիւնը փնտռել ալ աւելի դժուար է, քանի որ չորս սերունդէ ի վեր կը գործածենք մեզի «յարմար տեսնուած» ազգանուն մը, ոչ թէ՝ «մերը»։

Այս բոլոր մտածումներով շաղախուած, Կիրակի օր մը, համացանցի տարբեր հարթակներու մէջ կը գրէի մեծհօրս հայրիկին անունը, մեր հին ազգանունը եւ այլն յուսալով, որ գիրքին կորսուած էջը կախարդական ձեւով մը մէկէն ի մէկ դիմացս կ՚ելլէ։ Այս Կիրակի ալ չյաջողեցայ։

Ժամանցեցի զանազան հարթակներու մէջ։ Յանկարծ, դիմացս ելաւ անուն մը։ Շատ ծանօթ անուն մը։ Ուրիշներ ալ նման կորուստներ ունէին անշուշտ ու այս որոնումներու ժամանակ կը մտաբերէի ոչ միայն մեր պատմութիւնը, նաեւ ուրիշներու պատմութիւնները։

Անունը շատ ծանօթ էր։ Բարեբախտաբար բարեկամներս դեռ կը պահէին իրենց հնամենի ազգանունը։ Կը փնտռէին մէկը, որուն միայն անունը եւ ծնած տեղը յայտնի էր։ Իրենք նաեւ երկար պրպտումներով յայտնաբերած էին երկու վէպեր, որոնց հեղինակը այդ անձն էր։ Յաւելեալ ոչինչ կար։

Այդ անունին հետեւելով, գտայ իր լուսանկարը եւ կենսագրութիւնը։ Գիւղին հանրահռչակ եւ բարձր գործունէութիւն կատարած դէմքերէն էր։ Ճամբորդած էր Պոլիս՝ բարձր ուսում ստանալու եւ մնալով հոն, դարձած էր զոհ՝ Մեծ Եղեռնին։ Իր գիւղին մասին գրուած էր պատմութեան գիրք մը ու գիրքին հեղինակը իբր աղբիւր գործածած էր երէցին յիշողութիւնները։

Ապշած մնացի։ Դուք ի՞նչ կը զգայիք։ 
Անմիջապէս գրեցի բարեկամիս.

- Եթէ ոտքի ես, նստէ, բան մը պիտի ղրկեմ։

- Ի՞նչ եղաւ։

Լուսանկարը ղրկեցի։

- Կը ճանչնա՞ս զինք։

- Ոչ...

Ես դեռ անունը չգրած, հարցումը եկաւ։

- Միթէ՞...

Այս է մեր կեանքը։ Ընտանիքիդ պատմութիւնը չգիտնալ կը տառապէ քեզ։ Սակայն այդ յոյսը միշտ վառ կը պահես։ Օր մը, տեղէ մը, ձեւով մը փոքր տեղեկութիւն մը գտնելու յոյսը...

Բարեկամիս ղրկեցի այդ գիրքը։ Նստայ ու ես ալ կարդացի։ Ձեռքերս կրկին պարապ էին, սակայն գիտէի, որ բարեկամս շատ յուզուած էր։ «Հոգ չէ, այս անգամ ալ զգացումը կը բաժնեկցինք» մտածեցի։

- Մերինները կը փնտռէի կոր, բայց ձերինները գտայ, կրցայ ըսել միայն։

Բարեկամիս մեծհօրը հայրն էր գտածս։ Նման էին։






  



Համացանցային հինգ գործիքներ, որոնք կարելի է գործածել հայերէնի դասաւանդութեան մէջ

     Համավարակ... պայթում... 2020 թուականի զանազան անակնկալներուն պատճառով այսօր աշխարհի չորս ծագերուն հայկական վարժարանները դէմ յանդիման կը...