9/15/20

Համացանցային հինգ գործիքներ, որոնք կարելի է գործածել հայերէնի դասաւանդութեան մէջ


    Համավարակ... պայթում... 2020 թուականի զանազան անակնկալներուն պատճառով այսօր աշխարհի չորս ծագերուն հայկական վարժարանները դէմ յանդիման կը գտնուին արտասովոր վերամուտներու հետ։ Վարժարաններուն մեծ մասը կրթական գործընթացը կը փորձէ առցանց վարել։ Հետեւաբար եւ պարտադրաբար, կրթական գործիչներու ուշադրութիւնը սեւեռուած է  համացանցային հետաքրքրական զանազան կայքերու վրայ, որոնք կը հայթայթեն միջոցներ՝ առկայ կացութիւնը ժամանակաւորապէս դիւրացնելու համար։

Այժմ կ՚ուզեմ ներկայացնել համացանցային հինգ գործիքներ, որոնք կարելի է գործածել հայերէնի ուսուցման մէջ։

 

1) padlet.com 


Padlet-ը անվճար առցանց կայք մըն է։ Այս գործիքով կրնաք ստեղծել առցանց «տախտակներ» եւ կրնաք զանոնք բաժնել ձեր աշակերտներուն հետ։ Ձեր աշակերտները կրնան նաեւ միասնաբար ստեղծել հետաքրքրական նիւթերու մասին «տախտակ»ներ։ Կարելիութիւնները շա՜տ են։

 

Ահաւասիկ կը ներկայացնեմ օրինակ մը՝



Տախտակին յղումը՝ https://padlet.com/sarinakbas/gpp31bfzk8cnou0b

 

2) canva.com


Canva-ն շատ ծաւալուն կայք մըն է։ Այս գործիքով կարելի է պատրաստել ազդեր, տեսերիզներ, հրաւիրագիրեր, գրքոյկներ եւ աւելին։ Անշուշտ զայն կարելի է գործածել որպէս ուսուցման գործիք։ Եթէ ձեր աշակերտները հայերէն թերթ մը հրատարակէին, ի՞նչ կ՚ըլլար անոր անունը, ո՞ր նիւթերու մասին պիտի գրէին թերթին մէջ, կողքը ինչպէ՞ս կ՚ըլլար։ Փորձեցէ՛ք, պիտի տեսնէք, թէ պզտիկները մեզմէ շա՜տ աւելի ստեղծագործ են։ 

 

Ահաւասիկ կը ներկայացնեմ օրինակ մը՝


 

3) bubbl.us


Bubbl.us կայքը, օգտագործողներուն հնարաւորութիւն կու տայ ստեղծելու «մտային քարտէզներ»։ Այս գործիքի շնորհիւ կարելի է պատրաստել գաղափարներու նախագիծ մը, մտաձեւութիւն մը կամ համակարգուած ուրուագիծ մը։ Անշուշտ կարելի է զայն վերածել ուսուցողական գործիքի։ Ինչպէ՞ս պէտք է սկսիլ հեքիաթ գրելու, ո՞ր քայլերուն պէտք է հետեւիլ։ Բոլորը կրնաք բացատրել մտային քարտէզով մը։

 

Ահաւասիկ կը ներկայացնեմ օրինակ մը՝



4) quizlet.com


Quizlet-ը շատ օգտակար գործիք մըն է բառամթերքի զարգացման համար։ Հոն կարելի է քարտեր պատրաստել։ Քարտին մէկ երեսին վրայ կը գրէք բառը, իսկ միւս երեսին վրայ կը զետեղէք նկար մը։ Երբ պատրաստէք այս բառերու քարտերը, կայքը ձեզի կը հրամցնէ նոյն բառերով զանազան աշխատութիւններ։

 

Ահաւասիկ կը ներկայացնեմ օրինակ մը՝ https://quizlet.com/_2e7rr1?x=1jqt&i=pmfb4



5) linoit.com


Linoit-ը շատ օգտակար գործիք մըն է յատկապէս գաղափարներու փոխանակման համար։ Կայքը ձեզի կը հրամցնէ պաստառ մը, ուր կարելի է զետեղել գրառումներ, նկարներ եւ յղումներ։ Հարցում մը հարցուցէք ձեր աշակերտներուն, «ի՞նչ է գեղեցիկը» եւ անոնք թող զետեղեն իրենց պատասխանները։ Նոյնիսկ կրնան անանուն գրառումներ ընել։ Դասարանային վէճերու համար հրաշալի առիթ է։

 

Ահաւասիկ կը ներկայացնեմ օրինակ մը՝



Յղումը՝ http://linoit.com/users/sarinakbas/canvases/%D5%8E%D5%A7%D5%B3%D5%9D%20%D4%B3%D5%A5%D5%B2%D5%A5%D6%81%D5%AF%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%AB%D6%82%D5%B6

 

    Միջոցները եւ հնարաւորութիւնները չափ ու սահման չունին։ Չմոռնանք, որ 21-րդ դարու բոլոր նորարար ուսուցողական գործիքները կարելի է գործածել նաեւ հայերէնի ուսուցման ընթացքին։ Պիտի տեսնէք, որ ձեզի համար ալ աւելի հետաքրքրական եւ հաճելի պիտի դառնայ ընթացքը։ 

 

Յուսամ այս հինգ օրինակը օգտաշատ կ՚ըլլայ ձեր բոլորին համար։

 

Ցտեսութի՜ւն։

4/25/20

Տաշեղ Մը



     «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»։ Արդէն նշանաբան դարձած այս խօսքին մասին երկա՜ր կը մտածեմ։ Այո՛, կը յիշեմ ցեղասպանութիւնը եւ կը պահանջեմ արդարութիւն։ Սակայն… ուրիշ ի՞նչ կը յիշեմ, ի՞նչ կը պահանջեմ։
Բազում իրաւունքներու առընթեր, կորսնցուցած ենք նաեւ մեր յիշելու ազատութեան իրաւունքը։ Տարբեր միջոցներով խլուած է մեզմէ այս յիշողութիւններուն հասնելու սեփական կարողութիւնը եւ մենք՝ կը քալենք, կը վազենք, կը յարձակինք, կը պայքարինք, սակայն չենք հասնիր լոյսին։ Լոյսը երբեք ալ չէ սիրած մեզ։
     «Իւրաքանչիւր հայ փաստաթուղթ մըն է», կ’ըսէր Հրանդ Տինք։ Այս շատ պարզ սակայն շատ խորունկ միտքը յաճախ կը վերյիշեմ։ Եթէ փաստաթուղթ մըն եմ, անկիւններէս մին այրած է, միւսը պատռտած՝ ոչինչ, ամբողջ է եւ ընթեռնելի։ Տեղեկութիւններ կան, յիշողութիւններ կան, սակայն զիս չեն հասցներ լոյսին։ Լոյսը երբեք սիրա՞ծ է մեզ։
     Ցեղասպանութեան մասին վկայութիւնները, յիշողութիւնները մեր կեանքերու անբաժանելի մասերն են։ Բոլորս ալ քիչ, թէ շատ ունինք պատումներ։ Բայց իմ նպատակս ուրիշ է այս անգամ։ Բնաւ մտածա՞ծ էք այդ յիշողութիւններուն, վկայութիւններուն մասին, որոնք երբեք չեն պատմուած։ Ինչպէ՞ս յիշել երբեք չպատմուածը, ինչպէ՞ս պահանջել չյիշուածը։
     Մեր բեռը յիշելն է, ոչ թէ մոռնալը։ Մոռնալը այդքան ցաւ չի պատճառեր, որքան յիշելը, որովհետեւ յիշողութիւններու այդ ճամբան մութ է միշտ եւ քարոտ։ Որքան կը յառաջանամ, այդքան կը ցաւին ոտքերս։ Եւ գիտեմ, գիտեմ թէ լոյս չկայ վերջը։ Պիտի հասնիմ տեղ մը եւ միշտ պիտի գիտակցիմ, թէ աւելին կար։ Աւելին կար, սակայն կորսուեցաւ։ Աւելին կար, սակայն խլուեցաւ։
     Մի՛ կարծէք, որ յուսահատ եմ այսքան ու մխրճուած այն յիշողութիւններուն մէջ։ Վէրք մըն է այս մէկը, որուն հետ ապրելու վարժուած եմ, ինչպէս բոլորս։ Հաշտուած եմ անոր հետ, սակայն ատեն-ատեն քոսը կը փրթի, կ’արիւնի։
Ցաւ է յիշելը։ Ցաւ մը, որ առանց անոր երբեք նոյն անձը պիտի չըլլայի ես։ Հոգ չէ, կ’ընտելանանք վէրքերու հետ ապրելու, կը վարժուինք մութին մէջ քալելու։ Մեր ժառանգութիւնն ալ ա՛յս թող ըլլայ։
     Սակայն գիտէ՞ք, երախտապարտ եմ այս ժառանգութեան։ Այո՛, իրենց մասին քիչ տեղեկութիւն ունիմ, այո՛, խլուած է ինձմէ անոնց յիշողութիւնները, սակայն ես կը յիշեմ։ Կը յիշե՛մ մեծ հայրերս եւ մեծ մայրերս, որոնք իրենց ապրած աներեւակայելի պայմաններով հանդերձ մնացած են հայ։ Պարտադրաբար փոխած են իրենց ազգանունները, Հաճի-Արթինեան գերդաստանը՝ Ագպաշ եւ Պէշէրեան գերդաստանը՝ Այտէմիր, սակայն ալ աւելի կապուած են իրենց արմատներուն, ո՛չ դիտումնաւորապէս, այլ հողին եւ հոգիին կանչով։
     Այո՛, իւրաքանչիւր հայ փաստաթուղթ մըն է եւ վերոյիշեալ այս փաստաթուղթը հաստաբուն ծառի մը տաշեղն է միայն։ Հետեւաբար քարերը կը մաշեն զիս եւ մութը կը հիւծէ, բայց ես յաւերժ կը յիշեմ, յաւերժ կը պահանջեմ։
     Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։


Լուսանկարը՝ Վարդան Պետրոսեան

4/5/20

Դէպի Ներս



Ժահրը պատեց աշխարհը եւ դժուարաբարոյ մարդ արարածը անզօր՝ մտաւ տուն։ Կարօտ մնաց արեւածագին եւ ամէն ինչ պայծառացաւ։
Տեսաք չէ՞, որ բնութիւնը ալ աւելի գեղեցկացաւ, օդը մաքրուեցաւ, կենդանիները ազատօրէն սկսան շրջիլ իրենց տան մէջ։ Մեր մեկուսացումը, մեր «բանտարկումը» բացի մեզմէ այս աշխարհի բոլոր էակներուն ուրախութիւն եւ ազատութիւն պարգեւեց։
Բայց մենք՝ ինչպէս միշտ, գանգատելով, տրտնջալով այս բոլոր իրադարձութիւնը «անարդարութիւն» եւ «պատիժ» կոչեցինք։
Տեսաք չէ՞, որ մարդ արարածը որքա՜ն հեռացեր է շնորհակալ ըլլալէ, քիչով գոհանալէ եւ չնչին առիթներով ուրախանալէ։ Առօրեայ թոհուբոհին մէջ մոռցեր ենք, որ ինչպէ՛ս կարելի է մաքուր պահել մեր հոգիները եւ հաճեցնել մեր ներաշխարհը։ Մեկուսացումը առիթ ստեղծեց, որ վերադառնամ ներաշխարհիս ու սնուցանեմ զայն։ 
Ներաշխարհս լքուած ծաղկոց մըն էր։ Գիտէի, միշտ հոն էր, խնամք ու հետաքրքրութիւն կը պահանջէր ու ես անընդհատ կը յետաձգէի անոր հոգածութիւն ցուցաբերել։ Նախ փորձեցի յիշել, թէ իմ ծաղկոցս ո՞ր ծաղիկները կը նախընտրէր։ Հողը հերկեցի ու նոր թափով ցանեցի հունտերը։ Վարդ, յասմիկ, մանիշակ, եղրեւանի... յիշեցի, թէ որքա՜ն անուշ կը բուրէին այս ծաղիկները։ Ծաղկոցս սկսաւ գեղեցկանալ։ Խնամեցի, հոգ տարի ու անդրադարձայ, որ որքա՜ն լաւ զգացում էր բոլորովին հեռանալ արտաքին խուճապէ ու կեդրոնանալ ներաշխարհիդ վրայ։ Դուն, միայն դո՛ւն։ Առանձին, անշշուկ փնտռտուք մը։
Ներաշխարհս տան ընդմիշտ փակ սենեակն էր։ Գիտէի, միշտ հոն էր, խնամք ու հետաքրքրութիւն կը պահանջէր ու ես անընդհատ կը յետաձգէի անոր հոգածութիւն ցուցաբերել։ Նախ փորձեցի յիշել, թէ այդ սենեակին մէջ ինչե՞ր էին պահուած։ Վերջապէս դուռը բացի ու նոր թափով ներս մտայ։ Լուսանկարներ, գիրքեր, թուղթեր, նամակներ... յիշեցի, թէ որքա՜ն անուշ էին յիշատակները։ Սենեակը սկսաւ մաքրուիլ։ Խնամեցի, հոգ տարի ու անդրադարձայ, որ որքա՜ն լաւ զգացում էր բոլորովին հեռանալ արտաքին խուճապէ ու կեդրոնանալ ներաշխարհիդ վրայ։ Դուն, միայն դո՛ւն։ Առանձին, անշշուկ փնտռտուք մը։
Մեկուսացումը բանտարկում չէ, հրաշալի առիթ է սերմանելու, վերյիշելու եւ ստեղծագործելու։ Հոգ չէ, թէ ինչեր են ձեր ներաշխարհները՝ լքուած ծաղկոցներ կամ փակ սենեակներ։ Վերադարձէ՛ք, խնամեցէ՛ք։
Խաղաղ եւ ջինջ ներաշխարհը առաջին պայմանն է խաղաղ եւ ջինջ հոգիի մը։ Հիմա՛ ժամանակն է։   

3/14/20

Ծառաստան


Կը հաւատա՞ք, որ հողը իր ներքին բնոյթին մէջ կը կրէ իւրայատուկ նկարագիր մը եւ այս նկարագիրը փոխանցելի է՝ կը հաղորդուի բնութեան բոլոր տարրերուն։
Երբեմն մտքիս մէջ կը փորձեմ պատկերել հին Պոլիսը, կը ջանամ վերացական պատկերացումի մը հասնիլ՝ կարօտախտի եւ պատրանքի խառն զգացումներով։ Չեմ գիտեր ինչու, այս մտային ճամբորդութիւններու աւարտին, աչքիս առջեւ ի յայտ կու գայ սօսիներու ծառաստան մը։ Այս ծառաստանը երկար ժամանակ չէ ունեցած այցելուներ, սակայն վեհ սօսիները դեռ յուսալիր կը սպասեն պայծառ առաւօտներու։
Անդորրութիւն... պատրաստ եմ կրկին փարելու հաստաբուն սօսիներուն։ Գիտեմ, թէ ամէն մէկը ունի իր ներքին բնոյթը, իւրայատկութիւնը, նկարագիրն ու ապրումները։ Գիտեմ, թէ բնութիւնը բացառիկ յիշողութիւն ունի։ Բոպիկ եմ։ Հողը խոնաւ է, տեսակ մը մտերմութիւն կը բուրէ։ Ծառաստանը կ՛ողջունէ զիս ու ես խանդավառ ներս կը մտնեմ արահետէ մը։
Ահա այս սօսիներու խոշոր ծառաստանը, եռանդուն այս հողակոյտը Պոլիսն է։ Պոլիսը՝ երբեմնի այդ քաղաքը, որ իր հուժկու հերոսներով յամառօրէն դէմս կ՚ելլէ ու ցոյց կու տայ իր բոլոր ձեռքբերումները, ինչպէս ալեւոր մը հպարտօրէն պիտի ցուցադրէր իր հին լուսանկարները։
Կը յիշեմ, Պոլի՛ս, շա՜տ լաւ կը յիշեմ։ Գիտեմ, թէ հսկայ հովանիիդ տակ 19-րդ դարու կէսերուն գործունէութիւն կը ծաւալէ հսկայ մը՝ Նազլը Վահան, որ իր աղջկան՝ Սրբուհի Տիւսաբի խօսքերով «բոլորովին սէր էր եւ անձնուիրութիւն»։ Անշուշտ գիտեմ, թէ ամենամեծ փափաքն էր գիտութեան լոյսը տարածել մեր հասարակութեան մութ խաւերուն եւ ան հոգեւոր մայր կը հանդիսանար բազում հայ աղջիկներու։
 Կը յիշեմ, Պոլի՛ս, շա՜տ լաւ կը յիշեմ։ Գեղեցիկ Պէշիկթաշ թաղիդ մէջ 1830 թուականին կը ծնի ուրիշ հերոս մը՝ Էլպիս Կեսարացեան, որ կը համարուի նաեւ առաջին հայ կին լրագրողը։ «Հայկազն Օրիորդաց» հրաւէր մը կը ղրկէ 1862-ին հիմնելով «Կիթառ» հանդէսը ու առաջին թիւին մէջ մեծատառերով կը հաստատէ՝ «ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ Ի ԳՈՐԾ ԴՆԵԼԸ ՅԱՆԴԳՆՈՒԹԻՒՆ ՉԷ»։ Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կ՚աշխատի կիներու դաստիարակութեան համար եւ անհրաժեշտ կը համարէ հաւաքականութեան զարգացման համար կիներու ազատութիւնը։
  Կը յիշեմ, Պոլի՛ս, շա՜տ լաւ կը յիշեմ։ Գիտեմ, թէ պատկառելի Օրթագիւղ թաղիդ մէջ 1840 թուականին աշխարհ կու գայ կտրիճ մը՝ Սրբուհի Տիւսաբ (Վահանեան), որ հանդիսանալով առաջին հայ վիպասանուհին, կը սկսի գրիչ սրել անհաւասարութեան դէմ։ Իր գրիչին թանաք կ՚ըլլայ տգիտութեան եւ թշուառութեան մէջ ընկղմած հայ կինը։ Տիւսաբ կը հաւատայ, որ կինը կրնայ երջանիկ ըլլալ, եթէ ապրի սեփական աշխատանքով եւ նոյնիսկ այս գաղափարը նախապայման կ՚ընդունի հանրային կեանքի մէջ ապրելու համար։
Կը յիշեմ, Պոլի՛ս, շա՜տ լաւ կը յիշեմ։ Ծովափնեայ Սկիւտար թաղիդ մէջ 1863 թուականին կը ծնի դիցուհի մը՝ Զապէլ Ասատուր (Խանճեան), որ ստեղծելով իր գրական դպրոցը, գեղարուեստական մշակում մը կը շնորհէ հայ կնոջ իրաւունքներուն եւ ազատութեան պաշտպանութեան շարժումին։ 1879 թուականին կը հիմնէ Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութիւնը, որուն նպատակը կ՚ըլլայ հայ իգական սեռին դաստիարակութեան նպաստել։
 Կը յիշեմ, Պոլի՛ս, շա՜տ լաւ կը յիշեմ։ Գիտեմ, որ 1875 թուականին սիրուն Օրթագիւղ թաղիդ մէջ աշխարհ կու գայ սրտոտ մը՝ Արշակուհի Թէոդիկ (Ճէզվէճեան), որ հայուն մարդկային պարտքը կը համարէ կրթել եւ դաստիարակել բոլոր մանուկները եւ գիտութեամբ դուրս հանել զանոնք տգիտութեան խաւարէն։ 1922 թուականին, արդէն ականատես ըլլալով բազում տառապանքի, իր վերջին խօսքը կ՚ըլլայ հետեւեալը. «Բոլորս ալ զոհեր ենք»։
 Կը յիշեմ, Պոլի՛ս, շա՜տ լաւ կը յիշեմ։ Համեստ Պէշիկթաշ թաղիդ մէջ 1877 թուականին կը ծնի անվախ մը՝ Մառի Պէյլէրեան, որ քաջաբար յեղափոխութեան կոչ կ՚ուղղէ եւ իր յօդուածները կը նուիրէ կանանց շարժումին։ Յանդգնօրէն կը պնդէ. «Ազատ ըլլանք մեր ընտանեկան կեանքին մէջ, ազատ եւ անկախ մեր գործելու ու մտածելու եղանակին մէջ»։
Կը յիշեմ, Պոլի՛ս, շա՜տ լաւ կը յիշեմ։ Գիտեմ, որ ծովեզերեայ Սկիւտար թաղիդ մէջ 1878 թուականին աշխարհ կու գայ վեհ մը՝ Զապէլ Եսայեան (Յովհաննէսեան), որ գրականութիւնը կը գործածէ որպէս զէնք՝ անարդարութեան դէմ։ Իր սուր գրիչով կը տապալէ «յետամնաց մտայնութեամբ քաղքենի հասարակութեան ճնշումները»։
  Կը յիշեմ, Պոլի՛ս, շա՜տ լաւ կը յիշեմ։ Երեւելի Բերա թաղիդ մէջ 1885 թուականին կը ծնի ժիր մը՝ Հայկանուշ Մառք (Թոփուզեան), որ անձանձիր կը կրէ հայ կանանց շարժումին դրօշակը։ 1919 թուականին կնոջ դատին կը նուիրէ «Հայ Կին» հանդէսը՝ մտաւորականութեան յառաջադէմ հարթակը։ Առաջին թիւին մէջ Մառք կը գրէ հետեւեալը. «Հիմա այս ուղին պէտք է հարթենք, պէտք է ընենք զայն քաղաքի լուրջ ճամբայ մը, աւելի՛ լայն, աւելի՛ ուղիղ եւ աւելի ձի՛գ դէպի նպատակը:»
Կը կարօտնամ, Պոլի՛ս։ Կը կարօտնամ այդ հսկայ ծառաստանդ, տոկուն սօսիներդ, որոնց ոչ բոլոր անունները կարելի է թուել այստեղ, ոչ ալ ամբողջ գործունէութիւնը։ Միայն պէտք է խոստովանիմ, որ սօսիներդ դեռ հովանի են ինծի։ Անոնց տերեւները թարմ են դեռ ու ես նոյն հողին վրայ կը փորձեմ արմատներ խրել։
Կը զգամ հողիդ խոնաւութիւնը։ Կը զգամ այդ մտերմութիւնը։
Բոպիկ եմ։


2/28/20

Իմ Աղի Մայրենիս



«Շատ կը սիրեմ ես իմ լեզուս,
Իմ մայրենի քաղցր լեզուս»

Այս բանաստեղծութեան տողերով անցաւ գրեթէ բոլոր մանկութիւնս։ Մայրենի լեզուս քաղցր էր, անուշ էր, համովիկ-հոտովիկ էր։ Նաեւ վեհ էր, փառաւոր եւ շքեղ։ Մանուկ հասակիս կը ջանայի ամէն օր ճաշակել այս անուշիկ լեզուն՝ թէ դպրոցը, թէ տունը։ Կը փորձէի հասնիլ երկինք, քանի որ նաեւ վսեմ էր ան։ Մինչդեռ քիչ ժամանակ անց անդրադարձայ, որ մայրենիս այս սահմանումներէ աւելին էր։ 
Գիտէ՞ք, կը սիրեմ պարզունակութեան խորութիւնը։ Երբ նկատեցի, որ մայրենին մեր տունէն ներս աւելի աղի համ ունէր՝ մեր տունին հացն էր, աւելի ամուր գրկեցի զայն։ Նշմարեցի, թէ դիւրութեամբ կրնայի պարզել թեւերս ու հասնիլ անոր. հոն զիս կը սպասէր։
Ծանօթ համերը միշտ կը զգլխեն զիս, որովհետեւ անոնք յիշողութիւններ կը պարունակեն։ Յիշեցի մոռցուած այդ համը, մօրս առաջին կաթի կայլակին համն ունէր։ Մայրենիս ծանօթ համ մըն էր ինծի համար, երբ զայն իբր հաց ճաշակեցի։
Մեր երդիքին տակ ջերմութիւն էր մայրենին։ Ընտանիքի շատ մտերմիկ անդամներէն մէկն էր։ Երբ այս բոլոր զգացումները հատիկ-հատիկ փորձառեցի, վերջապէս ազատ արձակեցի զայն։ Միայն մայրենիս էր՝ իմ լեզուս, որ հեռու էր չափազանցեալ ածականներէ։
Մէկ առ մէկ սաւառնեցան անոր տառերը եւ սկսան ազատութիւն բուրել։ Այլեւս նաեւ ապրումներուս, երազներուս, գաղափարներուս, ուրախութիւններուս եւ տխրութիւններուս լեզուն էր ու ես՝ սկսայ անոր հետ արտայայտել բոլոր հոգեկան ալեկոծումներս։
Մայրենիս այդ հրաշալի համանուագն էր ինծի համար՝ իր բոլոր թաւ եւ զիլ հնչիւններով։ Խազերու այդ համախմբումը մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէր ու ես որոշեցի անոր երաժիշտներէն մէկը ըլլալ։
Ներկս էր մայրենիս, նուագարանս, գաճս, երաժշտութիւնս, գրիչս... բոլոր արուեստներու միջոցն էր ան, քանի որ դադրած էր լոկ լեզու մը ըլլալէ։
Երբ կը մտածեմ մանկութեանս կամ պատանեկութեանս մասին, բոլոր յիշողութիւններուս մէջ պատառ մը մայրենի կը գտնեմ... ծնած օրէս ցայսօր։ Կեանքիս անբաժանելի մասն է եւ կը յուսամ, որ յաւերժ այդպէս կը մնայ։
Այսօր շատ հրճուած եմ, քանի որ հօրս նման ես ալ հացս կը շահիմ մայրենիիս շնորհիւ։ Մայրենիս ժառանգութիւնս է՝ հօրս եւ մօրս ամենամեծ ժառանգը։
Ու ես՝ այս խոնջած լեզուի անխոնջ հետեւորդներէն մին՝ անձանձիր պիտի աշխատիմ, որ ան ոչ միայն ըլլայ քաղցր ու վեհ, այլ նաեւ ազատութիւն բուրէ, ըլլայ աղի ու մերձենալի։ Լոկ հաց մը ըլլայ ան՝ մեր առօրեայէն անբաժանելի։
Շնորհաւոր ըլլայ բոլոր մայրենի լեզուներու միջազգային օրը, բայց բոլորէն աւելի՝ իմ կենսաբաշխ մայրենիիս օրը։ 


2/4/20

Զապէլ Եսայեան 142 տարեկան...


«Ծնած եմ 1878-ին, Փետրուար 4-5 (յունական տոմար) առաւօտեան դէմ, Կ. Պոլիս, Սկիւտար, Սիլիհտարի պարտէզներ կոչուած թաղին մէջ։»
«Ես ծներ եմ վտիտ եւ վատուժ։ Տիգրան մօրեղբայրս նորածինը տեսնելով գոչեր է.
– Աս ալ չոճո՞ւխ է, պէ՜… կարծես քիչ մը փրփուր է. մե՜ղք քաշած նեղութեանս…։»
Եւ այս փրփուրը կը մեծնայ, կը բազմանայ ու դուրս կը յորդի։
Կը պոռթկի ու կը ճոխանայ։
Կը տարածուի, կը սփռուի ու կը ջանայ իր սուր սպիտակութեամբ տապալել «յետամնաց մտայնութեամբ քաղքենի հասարակութեան ճնշումները»։
Կը կարդայ Սրբուհի Տիւսաբի գիրքերը ու այդ տողերուն մէջէն կը փորձէ դեղ մը ճարել։
Երբ Տիկին Տիւսաբ կը լսէ, թէ Եսայեանն ալ գրական ասպարէզի թեկնածու մըն է, զայն կը նախազգուշացնէ, ըսելով, որ «այս ասպարէզը կնոջ համար աւելի շատ տատասկներ ունի, քան դափնիներ»։ Տիւսաբ կը յորդորէ միջակութենէ վեր ըլլալ։ «Էրիկ մարդ գրագէտը ազատ է միջակ ըլլալ, բայց ո՛չ կին գրագէտը» կ՚ըսէ ան։
Այդ փրփուրը կը յաջողի դառնալ 20-րդ դարու հայ գրականութեան ցայտուն եւ հզօր դէմքերէն մին։ Եսայեանը նաեւ կ՚ըլլայ ուժեղ հասարակական գործիչ մը եւ մարդկային իրաւունքներու բուռն պաշտպան։ Ան գրականութիւնը կ՚ընկալէ իբրեւ պայքարելու զէնք։ 
4 Փետրուար 2020՝ Զապէլ Եսայեան 142 տարեկան։
Միշտ տպաւորիչ եւ յաւերժ ժամանակակից։

1/23/20

Իւրայատուկ Պղպջակներ


Բոլոր մանուկները իւրայատուկ մտածելակերպեր ու ըմբռնելու ձեւեր ունին։ Անոնց դատողութիւնները եւ գաղափարները կ՚ուրուագծուին որպէս մտային պղպջակներ։ Այս պղպջակները պէսպէս կտրուածք կ՚ունենան։ Մէկը եռանկիւն կ՚ըլլայ, միւսը՝ կլոր, ուրիշ մը՝ հնգանկիւն կամ ուղղանկիւն։ Բազմատեսակ այս պղպջակները իրենց բազմատեսակ գոյներով անձնայատուկ կ՚ըլլան ու մանուկին եզականութիւն կը շնորհեն։
Իսկ ի՞նչ կ՚ընէ կրթական համակարգը։ Ուսուցիչ մը, մկրատ մը եւ վրձին մը ձեռքը՝ կը սկսի այս բոլոր պղպջակները բռնաբար քառակուսիի վերածել ու բոլորը նոյն գոյնով ներկել։ Կը կործանի եզականութիւնը։ Շատ ցաւալի է։
Այսօր ընկերուհիիս հետ կը խօսէինք մեր անձնական դպրոցական փորձառութիւններուն մասին։ Որքան խօսեցանք, այդքան ապշեցանք ու ջղայնացանք, որովհետեւ անդրադարձանք, թէ ունեցեր էինք ուսուցիչներ, որոնք վնասեր էին նաեւ մեր ուրոյն պղպջակները։ Սակայն բախտաւոր էինք, քանի որ մեր ծնողքը անտեսանելի խաւով մը պաշտպաներ էր մեր մտային սեփականութիւնները։
Հետզհետէ նկատեցինք, որ մեր փոքր տարիքով հանդերձ, որքա՜ն մեծ ազդեցութիւն ձգած էր ուսուցիչի մը անզգայ կատակը, անտարբերութիւնը կամ տգիտութիւնը։ Նշմարեցինք նաեւ, որ այս վերաբերմունքը սաստիկ տպաւորած է մեզ ու ցայսօր ունի հետեւանքներ։
Երբեմն ուսուցիչներ չեն մտածեր իրենց վարմունքին կամ խօսածներուն մասին, յատկապէս եթէ դիմացինը «պզտիկ» է ու կը կարծեն, թէ հետեւանք մը չ՚ունենար այս բոլորը։ 
Մինչդեռ այդ մանուկը, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կամ կ՚ըլլայ այդ ուսուցիչներուն պէս ու վնաս կը հասցնէ ուրիշներուն, կամ ալ կը պայքարի իր ուսուցիչներուն պէս չըլլալու համար։
Կեանքը գոյնզգոյն ու բազմազան պղպջակներով է գեղեցիկ ❤️

Համացանցային հինգ գործիքներ, որոնք կարելի է գործածել հայերէնի դասաւանդութեան մէջ

     Համավարակ... պայթում... 2020 թուականի զանազան անակնկալներուն պատճառով այսօր աշխարհի չորս ծագերուն հայկական վարժարանները դէմ յանդիման կը...